Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովական Կառոյցները Հայրենիքին Հիմքերն Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Դեկտեմբեր 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_general_security_forces_122816

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի եւ ապահովական կառոյցներու հրամանատարութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ բանակն ու ապահովական կառոյցները հայրենիքին հիմքերն են, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխիքները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները նեցուկ կը կանգնին բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնը կը զօրակցի անոնց` շնորհելով անձեռնմխելիութիւն:

«Բանակին նահատակները իրենց նահատակութեամբ պահպանեցին երկրին իրաւունքը` պահպանելու Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Անոնք մերժեցին ընդունիլ այն պայմանները, որոնց լոյսին տակ անձնատուր ըլլալու համաձայնութիւն կ՛առաջարկուէր», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի վրայ բանեցուած ուժին պատճառով Իսրայէլ բռնագրաւած է լիբանանեան հողեր, իսկ Դիմադրութիւնը ամրապնդած է Լիբանանի իրաւունքը` իր երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու առումով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանանի տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ ներդրումներ ապահովելու հոլովոյթներուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ այսօր Լիբանան արաբական եւ օտար երկիրներու եւ միջազգային հաստատութիւններու կողմէ կ՛ենթարկուի դրական «յարձակում»-ի, որուն շնորհիւ երկրին կացութիւնը կը բարելաւուի:

Նախագահ Աուն նախագահական պալատի պաշտօնէութեան կոչ ուղղեց յարգելու կարգն ու կանոնը եւ անոր ընդմէջէն ուսանելի օրինակ դառնալու բոլոր լիբանանցիներուն:

Նշենք, որ Պաապտայի այցելուներէն եղան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ընկերակցութեամբ` բանակի հրամանատարութեան անդամ բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութեան, ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, ղեկավարութեամբ` հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի, ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը, Պետական անվտանգութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի, մաքսատան ուժերու մէկ պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական պալատի պաշտօնէութիւնն ու լրագրողները:

 

 

Նախորդը

Այն Գիւղաքաղաքի Փոխքաղաքապետը` Սպաննուած

Յաջորդը

Հարիրիի Կառավարութիւնը 87 Թեր Քուէներով Ապահովեց Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?