Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ նախանցեալ օր Եարզէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ապահովական պահպանումի հարցերու օգնական Քասեմ Ուէյնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն:
Սարրաֆ շեշտեց, որ 2006-ին Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուած թիւ 1701 բանաձեւը նոյնը չի կրնար ըլլալ 2017-ին:
Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանան քաղաքական նոր իշխանութիւն ունի, նոր վարչապետ ունի, ինչպէս նաեւ զինուած ու պատրաստ բանակ:
«Այս բոլորը անշուշտ չեն նշանակեր, որ մենք կարիքներ եւ առաջնահերթութիւններ չունինք, սակայն պատրաստ ենք աւելի քան որեւէ ժամանակ կառչած մնալու միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան», հաստատեց Սարրաֆ:
Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանան որոշած է տէր կանգնիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող իր բնական հարստութիւններուն, յատկապէս քարիւղին ու բնական կազին, ինչ որ կ՛ենթադրէ ծովային սահմաններուն խիստ հսկողութիւնը:
Իր կարգին, Ուէյն շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պիտի շարունակեն Լիբանանի նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնն ու օժանդակութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կրնայ վստահիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն նկատմամբ ՄԱԿ-ի զօրակցութեան` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու համար թիւ 1701 բանաձեւը: