Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր. Օրէնսդրական Նիստերը Կը Շարունակուին Այսօր

January 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_11817

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական զոյգ` ցերեկային եւ գիշերային նիստերուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան, բարեփոխուեցան եւ վաւերացուեցան շարք մը օրինագիծեր, իսկ այլ օրինագիծերու վաւերացումը յետաձգուեցաւ: Մինչ այդ սակայն ամէնէն աւելի զգացուեցաւ ընտրական օրինագիծերու բացակայութիւնը:

Ընտրական օրինագիծերուն մասին խորհրդարանին մէջ միջամտութիւններ կատարուեցան, սակայն այդ օրինագիծերուն քննարկումը կատարուեցաւ երեսփոխաններուն միջեւ կողմնակի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին:

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով երեսփոխան Պատըր Ուաննուսի յիշատակը:

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն ընթացքին նախ վաւերացուեցաւ եկամտահարկի օրինագիծը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է պետական հաստատութիւնները քաղաքապետական տուրքերէ զերծ պահելու առաջարկին` ներկայացուած ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ:

Խորհրդարանը վաւերացուց մեծ մասը այն  օրինագիծերուն եւ համաձայնագիրներուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի եւ օտար երկիրներու միջեւ գործակցութեան:

Խորհրդարանը վերապահութիւն յայտնեց Եւրոմիջերկրականեան շրջանային համաձայնագիրին մէջ ներառուած «Իսրայէլի պետութիւն» եզրին վերաբերեալ, եւ այդ եզրը ջնջուեցաւ Պըրրիի պահանջով:

Խորհրդարանը վաւերացուց երկրորդական պետական վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ նշանակելու պայմաններուն վերաբերող առաջարկը եւ համաձայնութիւն յայտնեց ուսուցիչ նշանակել բոլոր անոնք, որոնք յաջողած էին 2008-ի եւ 2015-ի քննութիւններուն:

Խորհրդարանը վաւերացուց հոգեբանութեան մասնագիտութեան կազմակերպման վերաբերող օրինագիծը` մեկնելով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի առաջարկած բարեփոխումներէն, որոնք կը ճշդեն հոգեբանին, հոգեբուժին եւ կրթական հաստատութիւններուն մէջ ծառայող հոգեբանական հարցերու խորհրդատուին տարբերութիւնները:

Խորհրդարանը իր միացեալ յանձնախումբերուն յղեց վարչական կազմակերպուածութեան եւ գաւառապետի նշանակման պայմաններուն մասին օրինագիծին վերաբերող բարեփոխումները:

Յաւելեալ քննարկումի համար կառավարութեան վերադարձուեցաւ 2012 թուականին վերաբերող վարկերու եւ յատկացումներու օրէնքի նախագիծը:

Վարչապետին առաջարկով քննարկումէ դուրս դրուեցաւ այն օրինագիծը, որ կը վերաբերի պետական հաստատութիւններուն հետ պայմանագրութիւն ստորագրած պաշտօնեաներու կողմէ հանգստեան կոչուելու դրութենէն եւ պետական պաշտօնեաներու համագործակցականներու յատկացումներէն օգտուելուն:

Հարիրի պահանջեց, որ այդ օրինագիծին իսկական արժէքը ճշդուի` յաւելեալ խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն:

Նշենք, որ խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի շարունակէ օրէնսդրական նիստերուն գումարումը:

Նախորդը

«Կարիքը Ունինք Նոր Մտայնութեան Եւ Խոր Փոփոխութեան` Երկիրը Վերականգնելու Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Պատրաստուին Պատիժ Սահմանել Ցեղասպանութիւնը Ճանչցողներուն Համար

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.