ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքին հիմնական երկու ուժերուն միջեւ տիրող հաշտութիւնը երկրին տուած է գոյատեւելու նոր կորով մը, որովհետեւ զոյգ կուսակցութիւններուն ուժը կու գայ քրիստոնեայ համայնքին ուժէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ «քրիստոնեայ զոյգը», այսինքն` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները իշխանութիւն չեն նկատուիր, այլ` լիբանանեան ընկերութեան մէջ գործակցութիւնը քաջալերող ուժեր:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ համայնքային դրութեամբ գործող երկրի մը մէջ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի կիրարկումը համազօր է անհաւասարակշիռ ներկայացուցչութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները պէտք է դատական իշխանութիւններուն հետ գործակցին` հակակշիռի տակ առնելու համար առեւանգումները, որոնք իրենց կարգին ահաբեկչական են:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Խուրի շեշտեց, որ իրենք կը փորձեն 2017-ի համար տնտեսական ամբողջական ծրագիր մը մշակել:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու կարեւորութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին առումով իրենք կը նպատակադրեն արձանագրուած սառած իրավիճակը շրջել:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ իրենց իշխանութիւնը ծրագրած է տնտեսական պատկերը փոխել` երկրին տնտեսութիւնը շահեկանէն արդիւնաբերականի վերածելով:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով իրենք կ՛ենթարկուին կառավարութեան որոշումներուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը նկատէ, որ Պեքաայի ապահովութիւնը իրեն համար առաջնահերթութիւն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու` համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքով մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը քաղաքական բնոյթ ստացած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: