Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Առկախեց Տեղեկատուութեան Նախարարութեան Մէջ Պայմանագրութեամբ Գործող Պաշտօնեաներու Վերաբերող Թղթածրարը. Օրէնսդրական Յաջորդ Նիստը` Հինգշաբթի, 26 Յունուարին

January 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_11917

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանը գումարեց իր ցերեկային եւ գիշերային նիստերը, որոնց ընթացքին քննարկեց օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերը, որոնցմէ գլխաւորը եղաւ վարձքերու օրէնքը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը:

Պըրրիի պահանջով խորհրդարանը վարձքերու օրինագիծը կէտ առ կէտ քննարկեց: Քննարկումներուն լոյսին տակ որոշուեցաւ վարձակալներուն համար ստեղծել օժանդակութեան ֆոնտ մը` 4 ամսուան ընթացքին, սակայն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա առաջարկեց, որ ելեւմուտքի նախարարը յատուկ հաշիւ մը բանայ, որմէ կ՛օգտուին անոնք, որոնց եկամուտը վարձքին հինգ անգամը չէ:

Ըստ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, այդ հաշիւը պէտք է առաւելագոյնը չորս ամսուան ընթացքին բացուի:

Այս օրէնքը ոչ մէկ ձեւով բաւարարեց վարձակալները, որոնք սպառնացին յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ սաստկացնել իրենց բողոքի շարժումները:

Օրէնսդրական նիստին ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի պահանջեց տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը յաւելեալ քննարկումի ենթարկել, ապա վաւերացնելու վերջնական որոշումին համաձայն գտնուիլ:

Այս իմաստով տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Հարիրի խոստացած է տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը լրջօրէն քննարկել` աւելցնելով, որ այդ իմաստով մտահոգիչ բան չկայ եւ հարցը պիտի լուծուի:

Իր կարգին, տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Հարիրի խոստացած է օրէնսդրական յաջորդ նիստին իսկ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը վաւերացնել:

Պէտք է աւելցնել, որ Ռիաշի եւ Ֆատլալլա հանդիպում մը ունեցան Պըրրիի հետ, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ վարչապետ Հարիրիին յայտնել, թէ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը պէտք է անջատել այլ նախարարութիւններու մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներու թղթածրարներէն:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պըրրի յայտարարեց երեկոյեան նիստի աւարտը` օրէնսդրական յաջորդ նիստի թուական նշանակելով հինգշաբթի, 26 յունուարը:

Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաները երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին կատարեցին բողոքի նստացոյց մը եւ դադրեցուցին լրատուութեան իրենց աշխատանքը` պոյքոթի ենթարկելով խորհրդարանի օրէնսդրական զոյգ նիստերուն լրատուութեան պատրաստութիւնը:

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ապպաս Բեթղեհէմի Մէջ Մասնակցած Է Հայոց Ս. Ծննդեան Տօնին

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.