Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Համաձայնութեան Ա. Տարեդարձ. «Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը Տեղին Էր» Շեշտեց Ժահժահ

Յունուար 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

samir_geagea_11817

Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ տարի մը առաջ գոյացած համաձայնութեան առաջին տարեդարձին առիթով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, թէ տարի մը առաջ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը Մեհրապէն առաջադրելը տեղին էր:

Ժահժահ յայտնեց, որ 31 հոկտեմբերին զօր. Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, անոր երդման ճառը, Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը, կառավարութեան կազմութիւնը, անկախութեան պատգամը եւ դէպի Սէուտական Արաբիա ու Քաթար նախագահին կատարած առաջին այցելութիւնը եւ արաբական աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բնականոնացումը, «այս բոլորը կը փաստեն, որ մենք ճիշդ քայլին դիմած էինք»:

Ան նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան համար դիւրին չէ եղած իր ղեկավարին թեկնածութիւնը յետս կոչել եւ իր հակառակորդին թեկնածութիւնը որդեգրել: «Ոչ ոք կրնայ մտածել, որ այդ որոշումը մետասաներորդ վայրկեանին տրուած որոշում էր, ընդհակառակն` անիկա շատ դժուար հանգրուաններէ անցած եւ բծախնդրօրէն կազմակերպուած հաշտութիւն մըն էր եւ նախապէս ամփոփուած էր 10 կէտերու մէջ», ընդգծեց Ժահժահ:

Ան վերահաստատեց, որ 18 յունուարին երկու կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը իրապէս պատմական եղած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կրնան իրարու միջեւ իսկապէս համաձայնութիւններ գոյացնել` հեռու մնալով միջազգային կամ արտաքին օրակարգերէ եւ բեմագրութիւններէ:

«Զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան էր եւ ասիկա կը փաստէ, որ լիբանանցիները իրարու միջեւ հասարակ յայտարարներ եւ համաձայնութիւններ կրնան գտնել, երբ ատիկա փափաքին կատարել», ըսաւ ան:

Նախորդը

Բանակը Կը Ջանայ Փակել Լիբանան-Սուրիա Ապօրինի Անցքերը

Յաջորդը

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ. «Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւնն Է Եւ Չենք Մտածեր Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Մասին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?