Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Ապահովական Գետնի Վրայ Արձանագրուած Նուաճումները Չեն Չէզոքացներ Ահաբեկչութեան Վտանգները»

January 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jean_kahwaji_yarze_11917

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն զինուորական կցորդները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը վերածուած է ամբողջ աշխարհին սպառնացող առաջին կարգի վտանգին: «Ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ երկիրներուն ապահովական կայունութեան, ժողովուրդներուն անվտանգութեան եւ քաղաքակրթութիւններուն` զանոնք բնաջնջելու առումով: Վտանգաւորն ու բարդը այն է, որ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնները կը գործեն «Անջատ քայլեր» անուանումին ներքեւ, ինչ որ կը դժուարացնէ գաղտնի սպասարկութիւններուն գործունէութիւնը, որքան ալ անոնք արհեստավարժ ըլլան եւ ապահովական բարձր կարողութիւններ ունենան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով միջազգային ջանքերը միաձուլել, իսկ ատիկա կարելի է կատարել երկու ուղղութեամբ, որոնցմէ առաջինը գետնի վրայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն քանդումն է, իսկ երկրորդը` ահաբեկչական մտայնութեան չէզոքացումը եւ հաւատադրժողական մօտեցումի վերացումը, որոնք հոգեւոր, մշակութային, ընկերային եւ տեղեկատուական հեղինակութիւններու կողմէ պէտք է կատարուին», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ անցնող տարուան ընթացքին Լիբանան ապահովական բացառիկ կայունութիւն ապրեցաւ` աւելցնելով, որ ատիկա իրականացաւ շնորհիւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն գործակցութեան, ահաբեկչական բջիջներու բացայայտումին եւ անոնց դէմ կանխահաս հարուածներ հասցնելու բանակի գաղտնի սպասարկութեան որդեգրած տեսակարար մեթոտին` ըլլայ ան ներքին լիբանանեան առումով, թէ երկրին արեւելեան սահմաններուն վրայ:

«Այս ձեւով Լիբանան կրցաւ իր զբօսաշրջական եւ առեւտրական կեդրոնները, բնակարանային համալիրները, ինչպէս նաեւ զօրանոցները փրկել: Սակայն ապահովական գետնի վրայ արձանագրուած այս իրագործումները չեն չէզոքացներ ահաբեկչութեան վտանգները», հաստատեց բանակի հրամանատարը:

Զօր. Քահուաժի անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական կայունութեան` հաստատելով, որ նոր իշխանութեան կազմութիւնը առիթ պիտի ըլլայ, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով բանակին յաւելեալ զօրակցութիւն յայտնուի:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն, որոնք օժանդակեցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին եւ երկրին ու քաղաքացիական անվտանգութեան ի խնդիր անոր զոհողութիւններուն թիկունք կանգնելու առումով:

Զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, որոնք ճիգ չխնայեցին` պահպանելու հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնը` բանակին հետ գործակցաբար, ինչպէս նաեւ բացայայտեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը խախտելու առումով իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

 

 

Նախորդը

«Միջազգային Ընտանիքը Չի Միտիր Սուրիացի Գաղթականները Լիբանանի Մէջ Բնակեցնել» Շեշտեց Պու Ասի

Յաջորդը

Արսալ. Սարրաֆ Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Արեւելեան Սահմաններուն Վրայ Տեղակայուած Բանակին Դիրքերը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.