Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարիքը Ունինք Նոր Մտայնութեան Եւ Խոր Փոփոխութեան` Երկիրը Վերականգնելու Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aoun_Baabda_11817

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու հիւպատոսական  անձնակազմը, գլխաւորութեամբ` Ժոզեֆ Հապիսի:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կարիքը կայ նոր մտայնութեան եւ խոր փոփոխութեան, որպէսզի երկիրը կարենայ վերականգնիլ: Ան ընդգծեց, որ որեւէ երկիր չի կրնար կայունանալ առանց արժէքներու, ուրիշին հետ զգալու եւ ժողովուրդի տարբեր դասակարգերու կարիքներուն ուշադիր հետեւելու:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Մարոնի միաբանութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` միաբանութեան աբբահայր Նաամթալլա Հաշեմի:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք կը պայքարին, որպէսզի ոչ մէկ լիբանանցի իր հողը լքէ եւ երկրէն մեկնի:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութիւնը հպարտալի է, մշակոյթը` հզօր, աւելցնելով, որ Լիբանան կը ներկայացնէ Արեւելքի միտքը եւ Արեւմուտքի սիրտը:

Իր կարգին, հայր Հաշեմ յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը լիբանանեան ամբողջական հաշտութեան ուղղուելու մուտքն է:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ղազի Արիտի յայտնեց, թէ նախագահ Աունին իրենց կատարած այցելութիւնը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղում է` քննարկելու համար ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Արիտի յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով ինչ որ կը յայտարարուի բնաւ համահունչ չի նկատուիր գործադրուածին: «Կարելի չէ խօսիլ ազգային ծրագիրի մը մասին եւ միաժամանակ յարանուանական, համայնքային եւ այլազան դաշինքներ գոյացնել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ ազգային ծրագիրի մասին խօսիլ եւ վարչական փտածութիւն վկայել», ըսաւ ան:

Արիտի շեշտեց, որ ազգային ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ ազգային գործունէութիւն, եւ կարելի չէ արգիլել որոշ համայնքի մը կողմէ նախարարութեան մը կամ վարչութեան մը աշխատանքներու ստանձնումը:

«Եթէ չափանիշը համայնքային է, ապա կը մաղթենք, որ տիւրզի համայնքին կարծիքը նկատի առնուի` մեկնելով մարոնի համայնքի Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին հովանաւորած Լեռնալիբանանի պատմական հաշտութենէն: Մենք կը փափաքինք, որ փոխադարձ գործակցութիւնը շարունակուի, որպէսզի Լիբանան մնայ իւրայատուկ եւ բազմազան: Մենք մեր իրաւունքներն է, որ կը պահանջենք: Համայնքային ներկայացուցչութեան առումով տիւրզի համայնքը ունի 8 երեսփոխաններ, որոնցմէ 4-ը, այսինքն` կէսը, տիւրզի համայնքին կողմէ չեն ընտրուիր, բացի Շուֆ եւ Ալէյ շրջաններէն: Մեր այս մտահոգութիւնները մենք փոխանցեցինք հանրապետութեան նախագահին», ըսաւ Արիտի:

Նախորդը

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ. «Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւնն Է Եւ Չենք Մտածեր Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Մասին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր. Օրէնսդրական Նիստերը Կը Շարունակուին Այսօր

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.