Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Ապուլ Ղէյթ Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանին

January 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի միջարաբական համախոհութեան` աւելցնելով, որ Արաբական լիկան տակաւին հեղինակութիւն կը նկատուի, հակառակ անոր դէմ յայտարարուած պատերազմներուն եւ բաժանումներուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Արաբական լիկան, որովհետեւ անիկա արաբական երկիրները ի մի բերող միակ հաստատութիւնն է, ըսելով, որ Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ արաբական հարցերուն լուծման իմաստով:

Ան յայտնեց, որ պաղեստինեան հարցին հետապնդումը պէտք է կենդանի պահել` հասնելու համար արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան:

Իր կարգին, Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ Արաբական լիկան ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին:

Ան նշեց, որ նախագահ Աունը հրաւիրած է Գահիրէ` Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան պաշտօնական խօսք մը արտասանելու:

Պըրրիի Մօտ

Ապուլ Ղէյթ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ Պըրրիի հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է շինիչ եւ դրական` աւելցնելով, որ քննարկած է շրջանային եւ արաբական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի մէջ տիրող կացութիւնն ու պաղեստինեան դատին զարգացումները:

Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը եւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու քայլերը:

Ան շեշտեց, որ Արաբական լիկան կատարեալ գոհունակութիւն կը յայտնէ Լիբանանի ընթացքին եւ հոն տիրող կացութեան առնչութեամբ, յատկապէս հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան, կառավարութեան կազմութեան եւ խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրութեան վերադարձին առումով:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

«Պըրրիին յայտնեցի, թէ Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանին», ըսաւ Ապուլ Ղէյթ` աւելցնելով, որ իրենք միջազգային ընկերութեան, միջազգային հաստատութիւններուն եւ նուիրատու երկիրներուն կը յորդորեն յաւելեալ օժանդակութիւն յատկացնել Լիբանանին, որպէսզի ան շրջանցէ սուրիացի գաղթականներուն հարցը:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ապուլ Ղէյթը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը վերահաստատուած է:

Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը փափաքի, որ ան իր յստակ դերակատարութիւնը ունենայ լիկային մէջ:

 

Նախորդը

«Ռիշայի Հարցը Պիտի Հետապնդենք, Եւ Ապահովութեան Ուժերը Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնեն Զայն Ապահով Վերադարձնելու Նպատակով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Նահանջէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.