Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ. «Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւնն Է Եւ Չենք Մտածեր Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Մասին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

January 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ministrial_council_11817

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 32 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի գնահատած է Լիբանանի մէջ օտար երկիրները ներկայացնող դիւանագիտական անձնակազմին ներկայութեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը:

«Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք չեն մտածեր խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին», ըսաւ Ռիաշի:

Ան նշեց, որ Հարիրի դրուատած է նաեւ Փարիզի մէջ կայացած Միջին Արեւելքի յատուկ խորհրդաժողովին ընթացքին երկու պետութիւններու` իսրայէլեան եւ պաղեստինեան, լուծումին կառչած մնալու որոշումը: «Հարիրի նշեց, որ այդ որոշումը Ֆրանսայի համար նուաճում է եւ այդ իմաստով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կեցուածքները քաջ եւ գնահատելի եղած են», ըսաւ Ռիաշի:

Նիստին ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ ինք թրքական իշխանութիւններուն հետ անձամբ կը հետեւի Պոլսոյ «Ռենա» գիշերային զբօսավայրին մէջ կատարուած ահաբեկչութեան մասին բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն:

Ռիաշի նշեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին որոշ օրակարգեր վաւերացուած են, իսկ նշանակումներ չեն կատարուած:

Ռիաշի յայտնեց, որ քարիւղի մարզին վերաբերող դրամական օրակարգի վաւերացումը յետաձգուած է կառավարութեան յաջորդ նիստին, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 25 յունուարին, Պաապտայի մէջ:

Նախորդը

Մեհրապի Համաձայնութեան Ա. Տարեդարձ. «Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը Տեղին Էր» Շեշտեց Ժահժահ

Յաջորդը

«Կարիքը Ունինք Նոր Մտայնութեան Եւ Խոր Փոփոխութեան` Երկիրը Վերականգնելու Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.