Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին նախարարներ Ժոզեֆ Հաշեմը, Էլիաս Հաննան եւ Նաժի Պուսթանին. այս առիթով ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի չզլանայ մարդիկ առեւանգող կողմերը հալածելու եւ զանոնք պատժելու: Նշենք, որ նախկին նախարարները նախագահ Աունի հետ քննարկեցին առեւանգումի հարցը եւ անոր վերջ տալու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը երկրին մէջ բարեկարգչական որեւէ աշխատանքի հիմնաքարը կը կազմէ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ յաջորդ փուլին համար նախարարութիւնը պիտի որդեգրէ լիբանանցի աշխատաւորները պաշտպանելու քաղաքականութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին հարցով պէտք է շարունակել դրական խորհրդակցութիւններն ու երկխօսութիւնը` հեռու մնալով սպառնական ոճէն: Ան նշեց, որ ընտրական օրէնքի մշակումը կը նմանի վիրահատումի, որ կրնայ ձախողիլ` առանց բոլոր վիրաբուժներուն ներկայութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ ընտրական օրէնք մը, որ 1960-ի ընտրական օրէնքէն հեռու տեսակարար փոփոխութիւն կ՛իրականացնէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին չկատարելու պարագային լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը յուսախաբ պիտի ըլլան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց մշակելու այնպիսի ընտրական օրէնք մը, որ կը յարգէ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը եւ ոչ ոք կը ջնջէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Պասսամ Հաշեմ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին առումով բոլորը պարանաձգութիւն կը կատարեն: Ան շեշտեց, որ ի վերջոյ պէտք է իմաստուն որոշում տալ, որովհետեւ առաջարկուած նորութիւնները կը միտին ներկայացուցչութիւնը բարելաւել:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակագինը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է 200 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 100 լ. ոսկիով, իսկ տիզըլ օյլը` 200 լ. ոսկիով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական բոլոր պլոքները հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքներուն նկատմամբ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով միջազգային միացեալ որոշում գոյութիւն ունի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը նկատէ, որ իր հիմնական առաքելութիւնն է մղել քաղաքական կողմերը, որպէսզի ընտրական օրէնքի մշակումին պարագային համամասնական դրութիւնը որդեգրեն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիրի բոլոր հետեւորդները ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցած են:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Ասթանայի Մէջ Միջսուրիական Բանակցութիւնները Փաստեցին Իրենց Յաջողութիւնը»

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կ՛ընդգծէ Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?