Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Քննարկեց Տեղեկատուութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

January 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նախանցեալ օր նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի:

Նիստէն ետք Ֆատլալլա, ներկայութեամբ Ռիաշիի, խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ տեղեկատուութեան նախարարին ներկայացուցած ծրագիրի առաջարկը կը միտի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը վերածել հաղորդակցութեան նախարարութեան, եւ այդ ծրագիրը յաւելեալ քննարկումի կարիք ունի:

Ֆատլալլա նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ տեղեկատուական մարզին վերաբերող օրէնքները, որոնք անկարելի է գործադրել, եթէ անոնց շուրջ դիտողութիւններ չկատարուին:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ ներկայիս տեղեկատուութեան նախարարութիւնը կը պատրաստէ օրինագիծեր, որպէսզի տեղեկատուութեան նախարարութեան ծիրին մէջ գործող սենտիքաները եւս ունենան իրենց յատուկ կանոնները: «Այս շրջագիծին մէջ կը հաստատենք, որ ելեկտրոնական տեղեկատուութիւնը կարիքը ունի սենտիքայի մը, որ կարիքը ունի օրէնքներու էական փոփոխութեան», շեշտեց Ֆատլալլա:

Այս շրջագիծին մէջ Ֆատլալլա ակնարկեց նաեւ լրատուութեան մարզին մէջ ուխտերը չյարգելու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ քննադատեց մարդոց անձնական յուզումներն ու մարդկային զգացումները ուղղակի սփռելու եւ ընկերութեան սեփականութիւնը դարձնելու անպատշաճ վարուելակերպը:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է օրէնքները յարգել` աւելցնելով, որ ատիկա տեղեկատուութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան պարտականութիւնն է:

Անդրադառնալով տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներու թղթածրարին` Ֆատլալլա յայտնեց, որ այդ հարցին պէտք է արդար լուծում մը գտնել:

Նշենք, որ Ռիաշի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ բարեկարգումներ պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ աշխատանք կայ մշակելու այնպիսի օրէնքներ, որոնք լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն իրաւունքները կը պաշտպանեն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն համար պատրաստուած է անակնկալ մը:

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կ՛ընդգծէ Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Քաթարի Թամիմ Ալ Թանի Իշխանը Պիտի Այցելէ Լիբանան

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.