Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛չ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին Եւ Ո՛չ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին» Շեշտեց Քանաան

January 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, ուր հաստատուեցաւ, որ համախմբումը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը:

«Իսկ ոչ ոք կամ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ գրաւ դնել ժամանակի հարցով մեզի կատարուած իրողութեան դիմաց զետեղելու ընտրանքին վրայ», շեշտեց ան:

Քանաան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են առիթ տալու եւ դրական ու շինիչ ներդրում ունենալու` յանգելու համար լուծումի մը, որուն հիման վրայ պէտք է յարգուին հաւասարութիւնն ու թափանցիկութիւնը:

Քանաան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է քաղաքական վարչակարգն ու սահմանադրական հաստատութիւնները իրենց խախուտ վիճակէն փոխադրէ սահմանադրական, ժողովրդավարական եւ Ազգային ուխտի առողջ իրավիճակին:

Քանաան համախմբումին անունով կոչ ուղղեց պետութեան եւ ապահովական կառոյցներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` Պեքաայի մէջ առեւանգումներուն վերջ դնելու նպատակով:

«Ո՛վ որ ահաբեկչութեան դէմ յաջող պայքար կը մղէ, կրնայ նաեւ հաշուետուութեան կանչել լիբանանցի քաղաքացիին ազատութիւնը կաշկանդող կողմը», ըսաւ Քանաան:

Ան գնահատեց խորհրդարանին մէջ ընթացող օրէնսդրական աշխատանքը` աւելցնելով, որ տակաւին կան շարք մը օրինագիծեր, որոնք պէտք է վաւերացուին: Ան մաղթեց, որ յաջորդող օրերուն խորհրդարանը օրէնսդրական իր առաքելութեան ծիրին մէջ վաւերացնէ նաեւ այդ օրինագիծերը:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժողովրդավարական Հանդիպումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Հարիրի Պըրրիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը Եւ Ընտրական Օրէնքը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.