Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի հետ` քննարկելու համար ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Պլոքին անունով երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ հանդիպումը եղած է դրական այն իմաստով, որ ընտրական նոր օրէնք մը պարտադրելու ոչ մէկ միտում կայ, այլ ջանք` ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացնել եւ բոլորին մասնակցութիւնը ապահովել:
Շեհայէպ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին գծով իրենք պատրաստ են խորհրդակցելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ` յանգելու համար բոլորը գոհանցող ընտրական օրէնքի մը:
Ան նշեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը իր մտահոգութիւնը ունի համամասնական դրութեան առնչութեամբ: «Համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որ անցեալին Քամալ Ժոմպլաթ առաջարկած էր, այսօրուան պայմաններուն մէջ անկարելի է գործադրել», ըսաւ ան:
Շեհայէպ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` առանց ներկայ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու: