Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Պիտի Յայտարարէ Զբօսաշրջական Յատուկ Փաթեթ Մը» Ըսաւ Նախարար Կիտանեան

Յունուար 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը նախանցեալ օր գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին ընդհանուր իրավիճակը եւ գործնական գետնի վրայ այդ մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով կատարուած աշխատանքներն ու առնուելիք քայլերը:

Հըմայէտ յոյս յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տրամադրուի անհրաժեշտ մարդուժը, ինչպէս նաեւ կատարուին բոլոր այն յատկացումները եւ օժանդակութիւնները, որոնց արժանի է նախարարութիւնը, որպէսզի ան կարենայ իր պարտականութիւնները կատարել:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտի այս փուլին կը մտածենք միայն մէկ ծրագիրի մասին, որն է Լիբանան հասնող զբօսաշրջիկներուն թիւը բարձրացնել:

«Այս շրջագիծին մէջ հիմնական խոչընդոտը ճամբորդութեան տոմսն ու կեցութիւնն է` նկատի ունենալով, որ ոմանց գնահատումով Լիբանան շրջանի ամէնէն սուղ երկիրներէն մէկն է: Հետեւաբար յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մեր արաբ եղբայրներուն, յատկապէս Եգիպտոսէն, Օմանէն, Քուէյթէն, Տուպայէն, Ապու Տապիէն, Տոհայէն, Սէուտական Արաբիայէն, Պաղտատէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Լիբանան եկող զբօսաշրջիկներուն համար պիտի յայտարարենք յստակ փաթեթ մը, որուն սակերը պիտի ըլլան քաջալերելի: Փաթեթը պիտի ընդգրկէ դէպի Լիբանան ճամբորդական տոմսը, կեցութիւնը եւ այլ ծառայութիւններ: Մենք այս ծրագիրին մանրամասնութիւնները կը սերտենք «Միտըլ Իսթ» եւ այլ օդանաւային ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ շարք մը պանդոկներու եւ ճամբորդական գրասենեակներու հետ», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Ան շեշտեց, որ նախարարութիւնը պիտի ծրագրէ նաեւ համաշխարհային խորհրդաժողովներ, որոնց շրջագիծին մէջ կը միտի ներգրաւել բժշկական, մշակութային եւ գիտական խորհրդաժողովներ` Լիբանանը վերածելու համար նման նպատակներ հիւրընկալող յարմարագոյն երկրին:

Ա. Կիտանեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ ինք կը վստահի տեղեկատուութեան մարզին` փափաք յայտնելով, որ վերջինս զօրակցի զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատանքներուն` առանց իր շեշտը դնելու Լիբանանի վատ կողմերուն ներկայացման վրայ, այլ` ներկայացնելով Լիբանանի քաղաքակիրթ եւ զբօսաշրջական դէմքն ու հոն տիրող ապահովական կայունութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ քանատական օդանաւային ընկերութիւնը վերսկսի դէպի Պէյրութ իր թռիչքներուն:

Ան ըսաւ, որ Քանատական օդանաւային ընկերութեան կողմէ նման դրական որոշումի մը տրուելուն համար որոշ վստահութիւն պէտք է ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Շեհայէպ. «Պատրաստ Ենք Խորհրդակցելու Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Կողմերուն Հետ` Յանգելու Համար Բոլորը Գոհացնող Ընտրական Օրէնքի Մը»

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ . Պըրրի Նախագահեց Չորեքշաբթիի Նիստին` Կտրականապէս Մերժելով Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?