Երէկ երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն կ՛ընկերակցէր իր գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումին ընթացքին, որուն ծիրին մէջ նաեւ ընթրիք մը սարքուած էր, քննարկում ծաւալեցաւ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, զանազան ծրագիրներու, ապահովական կացութեան եւ ընտրական օրէնքին մասին: