Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին իրավիճակը, յատկապէս ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Տեղեկատուութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի նիստէն ետք ներկայացուց նախարարաց խորհուրդի ժողովին մանրամասնութիւններն ու տրուած որոշումները:
Խուրի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ներկայացուցած է Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կատարած իր այցելութեան, ինչպէս նաեւ իրեն այցելած օտար պատուիրակութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Նախագահ Աուն դրուատած է բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն գործադրած ապահովական տեսակարար գործողութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է ձախողեցնել «Քոսթա»-ի պայթումը:
Ան հաստատած է ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` պահել կարենալու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար առեւանգումներուն կրկնութիւնը:
Իր կարգին, Հարիրի ողջունած է Համրայի ապահովական նուաճումը` շեշտելով, որ անիկա դրական ազդեցութիւն ունեցած է երկրին վրայ:
Ան կոչ ուղղած է տարբեր լրատուամիջոցներուն օժանդակելու այդ ուղղութեամբ եւ կասեցնելու կասկածները, որոնք երկրին ապահովական կայունութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան:
Կառավարութիւնը օրակարգէն դուրս քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն թղթածրարը, որուն լոյսին տակ նախագահ Աուն շեշտած է ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը: «Եթէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու եւ կամ խորհրդարան չունենալու առաջադրանք ստեղծուի, կեցուածքս յստակ է. կը նախընտրեմ խորհրդարան չունենալ», ըսած է նախագահ Աուն:
Խուրի նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է 62 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը եւ համաձայն գտնուած նաւթի հանքերու պեղման արտօնագիրներ ձեռք ձգելու Ա. փուլի սկսման, ինչպէս նաեւ յայտարարած Լիբանանի անդամակցութիւնը արտահանման ճարտարարուեստներու թափանցիկութեան նախաձեռնութեան:
Կառավարութիւնը հաւանութիւն յայտնած է նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի նորոգութեան գումարներ յատկացնելու, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն 200 քննիչ տրամադրելու, Պաալպեքի եւ Աքքարի մէջ երթեւեկի վարչական խորհուրդ կազմելու, ինչպէս նաեւ Ա. եւ Բ. կարգի լրատուամիջոցներուն արտօնագիրները նորոգելու:
Ընտրական Օրէնքի Յատուկ Նիստ
Կառավարութեան նիստէն ետք նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական օրէնքի մշակման յատուկ նիստ մը, որուն մասնակցեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի:
Նիստէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ հանդիպումին մասնակցող կողմերը դաշինք մը կամ ճակատ մը չեն կազմեր, այլ պարզապէս կը խորհրդակցին եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան քաղաքական այլ ուժերու հետ, որպէսզի այդ քննարկումները երկխօսութեան սահմանէն անդին անցնին:
Ֆայեատ իր կարգին նշեց, որ հանդիպումը եղած է խորհրդակցական` աւելցնելով, որ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի: Ան յայտնեց, որ խորհրդակցական յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը:
Իր կարգին, Նատեր Հարիրի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին առումով ոչ ոք պիտի իրաւազրկուի: