Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ . Պըրրի Նախագահեց Չորեքշաբթիի Նիստին` Կտրականապէս Մերժելով Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

January 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց երեսփոխանական չորեքշաբթի օրուան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու թղթածրարները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Յետմիջօրէին Պըրրի ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի վերահաստատեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել: «Վատագոյնը խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումն է», հաստատեց Պըրրի` աւելցնելով, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը Լիբանանի համար փրկութիւն է:

Պըրրի քննադատեց 1960-ի ընտրական օրէնքը` շեշտելով, որ անիկա կացութիւնը կը պահէ իր սովորական իրավիճակին մէջ, կը ճնշէ ազատ քուէները եւ չ՛երաշխաւորեր արդար ներկայացուցչութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ ցարդ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու իմաստով ընտրական յստակ օրէնք մը չկայ, «սակայն ի գործ կը դրուին ջանքեր եւ խորհրդակցութիւններ` ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու նպատակով», ըսաւ ան:

Պըրրի դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իմաստով բանակին եւ ապահովական ուժերուն դերակատարութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուած է եւ նոյնիսկ գերազանցած Եւրոպայի ապահովական կայունութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց Պեքաայի մէջ ապահովական ամբողջական ծրագիր մը գործադրելու` նկատի ունենալով, որ առեւանգումի դէպքերը կը վնասեն բոլորին:

Ան աւետեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը պիտի վաւերացուի պետական ամավարկի ծրագիրին ընդմէջէն` աւելցնելով նաեւ, որ տարեցներու ապահովագրութեան օրէնքը որդեգրելու առումով խորհրդարանը ճիգ չի խնայեր:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ առանց համախոհութեան ոչինչ կարելի է լուծել, յատկապէս ընտրական օրէնքը, որ ամէն բանի հիմքն է:

Ան շեշտեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ ընտրական որեւէ օրէնք կարելի չէ գոյացնել, առանց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութեան:

 

 

Նախորդը

«Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Պիտի Յայտարարէ Զբօսաշրջական Յատուկ Փաթեթ Մը» Ըսաւ Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Ընդգծուեցաւ Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.