Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Գոհունակ Կը Զգայ Քուէյթի Մնայուն Զօրակցութիւնը Վայելելուն Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քուէյթի կառավարութեան մէջ պետական նախարար շէյխ Մոհամետ Ապտալլա Մուպարաք Սապահը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան գոհունակ կը զգայ Քուէյթի մնայուն զօրակցութիւնը վայելելուն համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը ձգտի Քուէյթի հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել` բարձր գնահատելով Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով Քուէյթի տրամադրած նիւթական օժանդակութիւնները:

Նախագահ Աուն իր ողջոյնները ուղղեց Քուէյթի իշխանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն յղուած Քուէյթ այցելութեան հրաւէրին համար` խոստանալով յարմար ժամանակին ընդառաջել այդ հրաւէրին:

Իր կարգին, Սապահ վերահաստատեց Քուէյթի զօրակցութիւնը Լիբանանին` ընդգծելով, որ Քուէյթ յանձնառու է երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւններու պահպանումին, նախանձախնդիր է Լիբանանի կառավարութեան բարգաւաճման ծրագիրներու ֆինանսաւորումին, ինչպէս նաեւ կը գնահատէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ի գործ դրուող հսկայ ջանքերը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ հաստատեց, թէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան թեքնիք երկարաձգումը անտեղի է` աւելցնելով որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը շատ աւելի լաւ է, քան առկայ ընտրական օրէնքը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ֆրանսական նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու, նախկին նախարար Էմանուէլ Մաքրոն:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Երեկոյեան նախագահ Աուն ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ նախագահ Աունի հետ քննարկած է «Քոսթա» սրճարանին մէջ իրագործուած ապահովական տեսակարար նուաճումին մանրամասնութիւնները:

Մաշնուք շեշտեց, որ նախագահ Աուն նախապէս ապահովական կառոյցներուն իր ցուցմունքները տուած էր` երկրին ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով, ինչպէս նաեւ Համրայի դէպքին հարցով թելադրած էր բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին` իրարու հետ գործակցելու:

Մաշնուք նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է նաեւ Պեքաայի մէջ առեւանգումի գործողութիւններուն հարցը` հաստատելով, որ նախագահ Աունի մաղթանքն է, որ առեւանգումի գործողութիւնները անպատիժ չձգուին:

Մաշնուք հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը: «Նախագահ Աուն զիս պատասխանատու նկատեց յանձնառու մնալու սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Սապահ Իշխանը Հաստատեց, Որ Լիբանան Եւ Քուէյթ Միասնաբար Կը Գործեն Կարեւոր Եւ Մարդկային Թղթածրարներուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Լաւրով Մամետեարովի Հետ Քննարկած Է Արցախի Հարցով Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Համաձայնութիւնները

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.