Կիներու միջազգային օրուան առիթով, Երիտասարդուհիներու քրիստոնէական միութիւնը կազմակերպեց 20 կին ընդհանուր տնօրէնի պարգեւատրումը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ ներկայացուած էր կնոջական հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեանով:
Միութեան Այն Մրայսէի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան կնոջական տարբեր միութիւններու եւ այլ խորհուրդներու ներկայացուցիչներ:
Պարգեւատրուող ընդհանուր տնօրէններուն կարգին էր Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն եւ Վարժանքի, վիճակագրութեան ու հետազօտութեան արաբական հիմնարկի նախագահ դոկտ. Մարալ Կիտանեան: