Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Աքրամ Շեհայէպ, Էլի Աուն, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Անթուան Սաատ` ներկայութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական կացութիւնը բարելաւելու հեռանկարները` օգտուելով տիրող հաշտութեան եւ համախոհութեան մթնոլորտէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: