Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Աշխատավարձի Յաւելումներու Թղթածրարը

Մարտ 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ շարունակեցին պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին քննարկումը`  նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահի, ինչպէս նաեւ բանակի, ապահովութեան ուժերու եւ ուսուցիչներու ներկայացուցիչներուն:

Շուրջ չորս ժամ տեւած նիստէն ետք,  ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան դրուատեց Մքարիի կողմէ նիստը վարելու կարողութիւնը` աւելցնելով, որ առանց անոր համբերութեան կարելի պիտի չըլլար աշխատավարձի յաւելումի թղթածրարին վաւերացումը:

Ան յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցած են աշխատավարձի յաւելումին թղթածրարը եւ զայն փոխանցած խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Քանաան նշեց, որ զինուորներուն ամսական աշխատավարձը 655 հազար լ. ոսկիէն բարձրացաւ 980 հազար լ. ոսկիի:

«Ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն առումով կարելի եղաւ երեք աստիճան շնորհել` յաւելումին ծախսերը պահելով 1200 միլիառ լ. ոսկիի սահմաններուն մէջ», յայտնեց Քանաան:

Յաւելումները ֆինանսաւորելու եկամուտներուն մասին խօսելով` Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ առաջարկ մը ներկայացած էր որոշ արտադրութիւններու պարագային յաւելուած արժէքի տուրքը բարձրացնելու 15 առ հարիւրի, սակայն այդ առաջարկը մերժուեցաւ եւ որդեգրուեցաւ յաւելուած արժէքի տուրքը 11 առ հարիւրի բարձրացնելու առաջարկը:

Քանաան նշեց նաեւ, որ տուրքերու յաւելում պարտադրուեցաւ նաեւ ոգելից ըմպելիներու, դրոշմաթուղթերու եւ շինանիւթի ու կալուածագիրներու վրայ:

«Դրամատուներու տոկոսներուն վրայ պարտադրուած 5 առ հարիւրի տուրքը բարձրացաւ 7 առ հարիւրի», ըսաւ ան:

Դատական իշխանութիւններու արձակուրդին առումով, խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցին օրէնք մը, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ իւրաքանչիւր դատախազի մէկ ամսուան արձակուրդ ճշդուի:

Քանաան իր յայտարարութիւնները եզրափակեց յայտնելով, որ այս որոշումները օրինակելի չեն, սակայն խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ առաւելագոյնն է, որ կարելի է կատարել` յոյս յայտնելով, որ անոնք վաւերացուին նաեւ լիագումար նիստին ընթացքին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն 15 Մարտին Պիտի Ուղղուի Վատիկան

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդը Ահազանգ Հնչեցուցած Է Ազրպէյճանի Մէջ Լափշինի Դատավարութեան Գծով

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?