Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ. «Ընկերային Եւ Մարդկային Կացութեան Բարելաւումը Կարելի Է Ապահովել Առողջական Վիճակը Բարելաւելով» Շեշտեց Ղասսան Հասպանի

Մարտ 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի կարիքները:

Հասպանի հաստատեց, որ Թրիփոլի այցելութեան իր նպատակն է լսել բնակիչներուն պահանջները եւ տեղեկանալ շրջանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Հասպանի յայտնեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել Թրիփոլիի կացութիւնը բարելաւելու իմաստով` աւելցնելով, որ ինք չի փափաքիր խոստումներ տալ բարեփոխումներու իմաստով, այլ կը փափաքի աշխատիլ ընկերային եւ առողջապահական նուազագոյն փոփոխութիւնները իրագործելու ի խնդիր:

Իր կարգին, Նոհրա ողջունեց նախարար Հասպանին` շեշտելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ առողջապահութեան մարզը բարելաւումի խիստ կարիք ունի:

Ան մաղթեց, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն համար Հասպանիի այցելութիւնը ըլլայ օգտակար:

Հասպանի այցելեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլին յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Շաար շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանը կարիք ունի առողջապահութեան մարզի բարելաւումին:

Թըպպանէի մէջ Հասպանի հանդիպում մը ունեցաւ «Ռահմէ» միութեան անդամներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ ընկերային եւ մարդկային կացութեան բարելաւումը կարելի է ապահովել առողջական վիճակը բարելաւելով:

Հասպանի այցելեց նաեւ Բժիշկներու սենտիքա, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանը:

Հասպանի Թրիփոլի կատարած իր այցելութիւնը աւարտեց ներկայ գտնուելով հիւսիսային Լիբանանի Բժիշկներու սենտիքային կողմէ ի պատիւ իրեն սարքուած ճաշկերոյթին:

Այդ առիթով Հասպանի շեշտեց, որ Թրիփոլի բազմազանութեան օրինակելի տիպարն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համերաշխութեան խորհրդանիշը:

Հասպանի ընդգծեց Թրիփոլիի տնտեսական շրջանին մէջ կատարուելիք աշխատանքին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը քաջալերեն սեփական մարզի ներդրումը Թրիփոլիի մէջ:

Հասպանի հաստատեց առողջապահական մարզը բարելաւելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կը Կասեցնէ Աշխատանքները

Յաջորդը

Ժեմայէլ Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրել

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?