
Պետական անվտանգութեան ուժերը, երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին, տեսակարար գործողութեամբ մը Պաալպեքի մէջ ձերբակալեցին Հասան Ռայէտը:
Ռայէտ, որ Արսալի բնակիչներէն է, ամբաստանուած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչներ եւ ականուած ինքնաշարժներ փոխադրելու, ինչպէս նաեւ կարգ մը պայթումներ գործած ըլլալու յանցանքներով:
Կը նախատեսուի, որ Ռայէտ անմիջապէս յանձնուի Զինուորական ատեան:


