
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Գերմանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային ցուցահանդէսին` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի եւ Պերլինի մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի:
Ցուցահանդէսին մասնակցելու կողքին չորեքշաբթի, 8 մարտին, նախարար Կիտանեան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին` Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թալեպ Ռիֆայիի հետ հանդիպումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լիբանանը աւելի աշխուժ եւ լուրջ կերպով ներկայացնելու հեռանկարները:
Ներկաները ընդգծեցին զբօսաշրջութեան բոլոր տուեալները լրացնելու Լիբանանի յատկանիշները, որոնք ընդհանրապէս կը բաւարարեն եւրոպացի զբօսաշրջիկները եւ յատկապէս գերմանացիները: Անոնք հաստատեցին, որ զբօսաշրջութեան մարզի աշխուժացումը կրնայ իբրեւ հիմնասիւն ծառայել երկրին տնտեսութեան զարգացման:
Նախարար Կիտանեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յորդանանցի եւ պահրէյնցի իր պաշտօնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ զբօսաշրջութեան մարզի պատասխանատուներուն հետ:
Հինգշաբթի, 9 մարտին, նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Եհիա Ռաշետի եւ Գերմանիոյ զբօսաշրջութեան մարզի պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Ցուցահանդէսին մասնակցութեան համար Պերլին գտնուող նախարար Կիտանեան հարցազրոյցներ ունեցաւ գերմանական օրաթերթերու, ինչպէս նաեւ գերմանական պատկերասփիւռի կայաններու հետ:
Հարցազրոյցներուն ընթացքին Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերուն եւ հնութիւններուն, որոնք աւելի քան 5000 տարուան պատմութիւն ունին, ինչպէս նաեւ հոն գտնուող քաղաքակրթութիւններուն, մարդկային հարստութեան, սիրոյ, հիւրասիրութեան եւ բաց գրկով զբօսաշրջիկները հիւրընկալելու յատկանիշներուն:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան շնորհիւ զբօսաշրջութեան մարզի արձանագրելիք զարգացումը եւ այդ իմաստով զբօսաշրջութեան նախարարութեան կատարելիք աշխատանքները:
«Նախարարութեան թիրախն է լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը եւրոպացիներուն մատուցել իբրեւ լաւագոյն զբօսաշրջութիւններէն մէկը», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ծաւալած են խորհրդակցութիւններ, որոնց թարգմանութիւնը գետնի վրայ կարելի պիտի ըլլայ շօշափել յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին:
«Այս նպատակով Լիբանանի մէջ պիտի հիւրընկալուին 25 երկիրներէ 150 զբօսաշրջական ծրագիրներ գործադրող պատասխանատուներ եւ լրագրողներ, որոնք հանդիպումներ պիտի ունենան զբօսաշրջութեան մարզի պատասխանատուներու հետ եւ որոնց համար պիտի կազմակերպուին զբօսաշրջական յատուկ պտոյտներ, որպէսզի անոնք իրենց երկիրներուն մէջ քարոզչութիւն կատարեն` դէպի Լիբանան զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու նպատակով», հաստատեց Ա. Կիտանեան: