Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Էսթոնիոյ նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ էսթոնական պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, այլ խօսքով` կայունութեան պահպանումին հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող էսթոնական ուժերուն դերակատարութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ երկկողմանի յարաբերութիւնները պահպանելու եւ ամրապնդելու, գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս արհեստագիտական գործակցութեան առումով:
Նախագահ Աուն փափաք յայտնեց նաեւ էսթոնական եւ լիբանանեան շուկաներուն միջեւ աշխուժութիւն արձանագրելու` լիբանանեան երկրագործական եւ ճարտարարուեստական արտադրութիւնները առաքելով Էսթոնիա:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Էսթոնիոյ կառավարութեան միջեւ գործակցութիւնը` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները արձանագրելու առումով:
Իր կարգին, Քալիոլայտ հաստատեց, որ Էսթոնիա պիտի շարունակէ մաս կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` հաւատալով խաղաղութեան կարեւորութեան, աւելցնելով, որ ելեկտրոնական մարզին մէջ գործակցութեան իմաստով Էսթոնիա պատրաստ է առաւելագոյն չափով օժանդակելու Լիբանանին:
Քալիոլայտ յայտնեց նաեւ, որ Էսթոնիա պիտի զօրակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին համար առաջադրուած Լիբանանի թեկնածուին:
Պըրրիի Մօտ
Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Էսթոնիոյ նախագահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած էսթոնական ուժերուն դերակատարութիւնը:
Պըրրի յայտնեց, որ յառաջիկայ յուլիսին Էսթոնիա պիտի գլխաւորէ Եւրոպական Միութիւնը` ընդգծելով լիբանանեան-էսթոնական երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները:
Քալիոլայտ իր կարգին յայտնեց, որ ամրան ընթացքին Եւրոպական Միութեան նախագահելու սեմին պէտք է իմանալ շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է այցելել Լիբանանի խաղաղութեան պահպանումին նպաստող մեր երկրին ուժերուն:
Հարիրիի Հետ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Քալիոլայտը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ էսթոնական ուժերուն դերակատարութիւնը:
Քալիոլայտ յայտնեց, որ իրեն համար կարեւոր է իմանալ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցիներուն ձգտումներուն ու երազներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն նկատմամբ անոնց կեցուածքներուն մասին:
Ան նշեց, որ իբրեւ Եւրոպական Միութեան նախագահութեան թեկնածու երկիր, իրենց համար կարեւոր է գիտնալ նաեւ, թէ ի՛նչ օժանդակութիւն պէտք է ներկայացուի Լիբանանին` լուծելու սուրիացի գաղթականներուն հարցը:
Հարիրի մաղթեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին, ընդգծելով, որ ապագային կարելի է փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւել, յատկապէս արհեստագիտական` ելեկտրոնային մարզի եւ թուայնացումի աշխարհին վերաբերեալ:
Քալիոլայտ այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր ան ստուգեց Էսթոնիոյ խաղաղապահ ուժերը: