Լիբանանեան

Նաքուրայի Մէջ.  Սարրաֆ Զօր. Պերրիի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Եւ Բանակին Միջեւ Գործակցութիւնը  Բարելաւելու Հեռանկարները

Նաքուրայի Մէջ. Սարրաֆ Զօր. Պերրիի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Եւ Բանակին Միջեւ Գործակցութիւնը Բարելաւելու Հեռանկարները

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ նախանցեալ օր այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Զօր. Պերրի յայտնեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ սահմանային Կապոյտ գիծը պաշտպանել: Զօր. Պերրի ընդգծեց, որ այս...

Իմատ Օսման Ստանձնեց Ներքին  Ապահովութեան Ուժերու Հրամանատարութիւնը

Իմատ Օսման Ստանձնեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հրամանատարութիւնը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի ներկայութեամբ, ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի կողմէ ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութեան ստանձնումը: Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին հրամանատար հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս հրամանատարութեան դրօշը յանձնեց Իմատ Օսմանի: Նախարար Մաշնուք այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ մաղթեց, որ Օսման Պասպուսէն ժառանգէ անոր նուիրումը, պարկեշտութիւնն ու ահաբեկչութեան հարցերով գիշեր-ցերեկ զբաղելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մարտ ամիսը վճռորոշ է` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով: Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներուն` Պըրրի շեշտեց, որ այդ յաւելումները պէտք է վաւերացուին, որովհետեւ անոնք իրաւունք են: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով յատկապէս...

Կառավարութիւնը Կատարեց Ապահովական  Կառոյցի Պետերու Նշանակումներ Եւ Համաձայն  Գտնուեցաւ Սեռային Նեղութեան  Ենթարկումը Պատժելու Օրէնքին

Կառավարութիւնը Կատարեց Ապահովական Կառոյցի Պետերու Նշանակումներ Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Սեռային Նեղութեան Ենթարկումը Պատժելու Օրէնքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, եւ տրուեցան շարք մը որոշումներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցան ապահովական կառոյցի պետերու նշանակումներ: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահական պալատ հասած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան...

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը  Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Զայն Վաւերացնել»

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Զայն Վաւերացնել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներ շնորհելու թղթածրարին` Պըրրի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը իրաւունք է եւ պէտք է զայն վաւերացնել: Պըրրի ընդգծեց, որ այդ բոլորը ճիշդ կերպով կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ այդ հարցին դիմաց ոչ...

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը  Վաւերացուցին Պաշտօնեաներուն,  Ուսուցիչներուն Եւ Զինուորականներուն  Աշխատավարձի Յաւելումին Ցուցակները

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Պաշտօնեաներուն, Ուսուցիչներուն Եւ Զինուորականներուն Աշխատավարձի Յաւելումին Ցուցակները

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, խորհրդարանին մէջ շարունակեցին պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին քննարկումը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի: Նիստէն ետք ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցած են պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումին ցուցակները: Ան նշեց, որ երեսփոխանները քուէարկեցին, որ յաւելումին ծախսերը 1200 միլիառ լ. ոսկիի սահմաններուն...

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Ուղղեցին  Արագացնելու Ընտրական  Նոր Օրէնքի Մը Վաւերացումը

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Ուղղեցին Արագացնելու Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Վաւերացումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը նշեց, որ պահանջուած է արագացնել ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը` կանխարգիլելու համար խորհրդարանին թափուր դրութիւնը: Մարոնի եպիսկոպոսները անդրադարձան նաեւ պետական ամավարկը վաւերացնելու նպատակով կառավարութեան նիստերուն եւ քննարկումներուն` զգուշացնելով քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու վտանգէն: Մարոնի եպիսկոպոսներու...

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Թաէֆի Համաձայնագիրին  Եւ Սահմանադրութեան

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Թաէֆի Համաձայնագիրին Եւ Սահմանադրութեան

Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց կառչած մնալու Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալու չափաւորական սկզբունքներու պահպանումին` կանխարգիլելով բոլոր տեսակի սադրանքներն ու կիրքերու վրայ հիմնուած հակազդեցութիւնները: Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանի կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը ապահովող բանաձեւերուն գործադրութիւնը` ընդգծելով յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը  Կը Ներխուժեն ՏԱՀԵՇ-ին Դրամ Փոխանցող  Գրասենեակներ Ու Ընկերութիւններ

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Կը Ներխուժեն ՏԱՀԵՇ-ին Դրամ Փոխանցող Գրասենեակներ Ու Ընկերութիւններ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչական ցանցերուն ու բջիջներուն հետապնդումը զիրենք մղած է բացայայտելու նոր իրականութիւն մը: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 7 եւ 8 մարտին Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու դասակներ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչի օգնական, դատախազ Տանի Զըհըննիի, արտօնութեամբ, ներխուժած են ելեւմտական գրասենեակներ եւ ընկերութիւններ, որոնք մեծ...

Ժահժահ Մաշնուքի Հետ Քննարկեց  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Վերաբերող Հարցեր

Ժահժահ Մաշնուքի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Ժահժահին կատարած իր այցելութիւնը լիբանանեան հարցերուն շուրջ խորհրդակցելու նպատակով է, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով: Մաշնուք շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն գծով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, յատկապէս ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով: Ներքին գործոց նախարարը ընդգծեց,...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   «Դո՛ւն Ես Հայրենիքի Երազներուն Հսկող Արթուն  Պահակը Եւ Պէտք Է Ներդրումդ Բերես  Ի Խնդիր Բաղձալի Փոփոխութեան Իրագործումին»  Շեշտեց Նատիա Աուն

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. «Դո՛ւն Ես Հայրենիքի Երազներուն Հսկող Արթուն Պահակը Եւ Պէտք Է Ներդրումդ Բերես Ի Խնդիր Բաղձալի Փոփոխութեան Իրագործումին» Շեշտեց Նատիա Աուն

Կիներու միջազգային օրուան առիթով իր հրապարակած ուղերձին մէջ, Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի կինը ռահվիրայի դերակատարութիւն կը կատարէ տարբեր մարզերու մէջ, հակառակ իր դիմագրաւած հսկայ մարտահրաւէրներուն: Առաջին տիկինը ընդգծեց հաստատ քայլերով յառաջանալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ պարագային տարբեր մարզերու մէջ անոր ունենալիք դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ հեղինակաւոր եւ ազդու դերակատարութիւն մը: Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի կնոջ` Նատիա Աուն...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն,  Համայնքներուն Եւ Յարանուանութիւններուն  Միջեւ Հաւասարութիւն Հաստատելու

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն, Համայնքներուն Եւ Յարանուանութիւններուն Միջեւ Հաւասարութիւն Հաստատելու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան արաբական պայքարի շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային ու յարանուանական շարք մը հարցեր: Այդ քննարկումներուն լոյսին տակ նախագահ Աուն շեշտեց համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ այդ օրէնքը առիթ...

«1960-ի Ընտրական Օրէնքն Ու Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը  Աւելի Վատ Են, Քան` Թափուր Դրութիւնը»  Ընդգծեց Քանաան

«1960-ի Ընտրական Օրէնքն Ու Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Աւելի Վատ Են, Քան` Թափուր Դրութիւնը» Ընդգծեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ մսխումը, փտածութիւնն ու թուլամորթ ըլլալը չեն համընկնիր իշխանութեան այն նստաշրջանին, որուն խորագիրը բարեկարգում է եւ որուն տէրը նախագահ զօր. Միշել Աունն է: Քանաան յայտնեց, որ համախմբումի երեսփոխաններն ու նախարարները...

Վարչապետ Հարիրի Կը Շեշտէ Ուժանիւթի  Մարզին Վերաբերող Ազգային  Ընթացագիծ Մը Ճշդելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շեշտէ Ուժանիւթի Մարզին Վերաբերող Ազգային Ընթացագիծ Մը Ճշդելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ բացումը կատարեց Լիբանանի բնական հարստութիւններէն` նաւթի եւ բնական կազի վերաբերող խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին շեշտեց ուժանիւթի մարզին վերաբերող ազգային ընթացագիծ մը ճշդելու կարեւորութիւնը: Հարիրի ընդգծեց, որ ուժանիւթի մարզը Լիբանանի տնտեսական օրակարգին վրայ կարեւորագոյն թղթածրարը կը նկատուի` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է եւ պէտք է առողջ կերպով տնօրինել զայն: Հարիրի նշեց, որ իր կազմած...

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը  Այսօր Երեկոյեան Ժամը 5:30-ին  Պիտի Գումարեն Այլ Նիստ Մը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Այսօր Երեկոյեան Ժամը 5:30-ին Պիտի Գումարեն Այլ Նիստ Մը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին դարձեալ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի: Նիստէն ետք ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը այլ նիստ մը պիտի գումարեն այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին: Քանաան նշեց, որ երէկուան նիստին ընթացքին քննարկած են պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները եւ անոնց վերաբերող օրինագիծը: Քանաան...

«Մտավախութիւնս Այն Է, Որ Ապրիլ Ամիսը  Թեւակոխենք Առանց Ընտրական Օրէնքի»   Շեշտեց Պըրրի

«Մտավախութիւնս Այն Է, Որ Ապրիլ Ամիսը Թեւակոխենք Առանց Ընտրական Օրէնքի» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ ապրիլ ամիսը թեւակոխենք առանց ընտրական օրէնքի: Պըրրի իր այցելուներուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու համար ընթացք առած խորհրդակցութիւնները անելի մատնուած են, եւ ոչ մէկ կողմ կրնայ յառաջանալ: Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին, երբ ինք կ՛առաջարկէր նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, քաղաքական որոշ ուժեր մերժած էին իր...

Քազինօ Տը Լիպանի Ընդհանուր  Տնօրէնին Արգիլուած Է Երկրէն Հեռանալ

Քազինօ Տը Լիպանի Ընդհանուր Տնօրէնին Արգիլուած Է Երկրէն Հեռանալ

Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ Քազինօ տը Լիպանի ընդհանուր տնօրէն Համիտ Քրայտիի երկրէն հեռացումը արգիլուած է, մինչեւ Քազինօ տը Լիպանի մէջ փտածութեան մասին կատարուելիք հետաքննութեան աւարտը: Նշենք, որ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի ընդհանուր դատախազութենէն պահանջած էր Քազինօ տը Լիպանի մէջ տիրող փտածութեան մասին հետաքննութիւն բանալ:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պութրոս  Հարպէն Կը Պահանջէ Անոր Երեսփոխան  Ըլլալը Հաստատող Փաստաթուղթ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պութրոս Հարպէն Կը Պահանջէ Անոր Երեսփոխան Ըլլալը Հաստատող Փաստաթուղթ

Նախկին նախարար Պութրոս Հարպի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ նշեց, որ Հարպ արտաքին գործոց նախարարութիւն յղած է իր անցագիրը` զայն նորոգելու նպատակով, եւ զարմացած, որ նախարարութիւնը անկէ պահանջած է երեսփոխան ըլլալը հաստատող փաստաթուղթ մը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան փաստաթուղթեր: Գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ ասիկա անտեսում է` Հարպի հանգամանքին: Աւելի ուշ Հարպ անձամբ պատասխանեց արձանագրուած այս միջադէպին` զարմանք յայտնելով, որ արտաքին գործոց...

Հաղորդակցութեան Միջոցներու  Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Հետապնդել  Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ: Նիստէն ետք Ֆատլալլա, ներկայութեամբ դատախազ Համմուտի, խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապօրինի հաղորդակցութեան պատճառով լիբանանեան պետութեան մէջ գումարներ մսխուած են` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը քննարկէ պետական ամավարկը,...

Խալիլ Տեղական Եւ Շրջանային  Իրադարձութիւնները Քննարկեց  Ռիչըրտի Հետ

Խալիլ Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները Քննարկեց Ռիչըրտի Հետ

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ անոր կարողութիւններուն բարելաւումին:  

Page 753 of 986 1 … 752 753 754 … 986

Արխիւներ