Երէկ կէսօրէ ետք Պըրժ Պրաժնէ ապրեցաւ ցնցում մը, երբ գաղթակայանին մուտքին յանկարծ սկսան լսուիլ կրակոցներ, որոնք հետզհետէ սաստկացան եւ վերածուեցան նռնականետերով բախումներու:
Բոլոր տեղեկութիւնները հաստատեցին, որ հարցը անձնական բնոյթ ունեցած է, երբ լիբանանցի Ժաաֆար ընտանիքի անդամներ շինութեան մը պատճառով հարց ունեցած են պաղեստինցիներու հետ:
Երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուած թիւրիմացութեան պատճառով բռնկեցան զինեալ այդ բախումները, որոնք պատճառեցին երկու զոհ եւ 5 վիրաւոր:
Վիրաւորուեցաւ նաեւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի քամերամեն Ժատ Պու Անթուն:
Լիբանանեան բանակը անմիջապէս փութաց դէպքին վայրը` փորձելով ապահովութիւնը վերահաստատել: Այս իմաստով բանակը հակադարձեց կրակոցներուն:
Աւելի ուշ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանը ուղղուեցաւ Պըրժ Պրաժնէ եւ իր վարած բանակցութիւններուն շնորհիւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին կարելի եղաւ հանդարտութիւնը վերահաստատել:
Զօր. Աունի Օրուան Հրահանգը
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն օրուան հրահանգին մէջ նշեց, որ ինք պատիւը ունի ստանձնելու բանակի հրամանատարութիւնը` շրջանին դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրավիճակին լոյսին տակ, երբ ահաբեկչութիւնը իր կարգին կը սպառնայ Լիբանանին:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բանակին ըլլալու կազմ ու պատրաստ` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը շարունակելու, զայն արմատախիլ ընելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բանակայինները վերադառնան տուն:
Զօր. Աուն ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ ինք նախանձախնդիր կը մնայ բանակին կարողութիւնները բարելաւելու:
Զօր. Աունի որոշումով կատարուեցան նաեւ զինուորական շարք մը նշանակումներ, որոնցմէ են. գնդապետ-զօրավար Սամի Հուայէք` բանակի 9-րդ ջոկատի հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Ամեր Հասան` բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ, իսկ գնդապետ-զօրավար Ուասիմ Հալապի` բանակի հրամանատարի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն: