Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի որոշումով` գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ ստանձնեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետի պաշտօնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այո՛ համամասնական այն դրութեան, որ կ՛ապահովէ քաղաքական նուազագոյն գործակցութիւնը, իսկ ո՛չ համամասնական այն դրութեան, որ բաժանում կը սերմանէ եւ ճահճացում կը հաստատէ: Վե՛րջ տուէք սոփեստութիւններուն, եւ մեր համբերութիւնը բաւական երկար է»:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ այսօր կէսօրուան ժամը 1:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ պետական ամավարկին ներառելիք հաւանական տուրքերուն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին վաւերացնելու աշխատավարձի այնպիսի յաւելումներ, որոնք հաւասարակշռուած են, ընդունելի եւ կը կազմեն տիրող սխալ իրականութիւն մը սրբագրելու ենթահող մը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ ընտրական որեւէ նոր օրէնքի չափանիշը կը մնայ այն, որ ան քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի մնան ամրապնդուած` աւելցնելով, որ երկու կուսակցութիւնները կ՛ուղղուին դէպի ընտրական դաշինք:

ԱՐՏԵՐԿՐԻ լիբանանցիներու օրուան առիթով, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց անոնց լիբանանեան քաղաքացիութիւնը վերստանալու: Ան հաստատեց, որ երկրին քաղաքական կայունութիւնը եւ տնտեսական բարգաւաճումը պիտի լրացուին ընտրական արդի նոր օրէնքի մը մշակումով:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք իր լուսանկարներով պատրաստուած որմազդներով եւ զինք շնորհաւորելու պաստառներով զարդարած էին երկրին տարբեր շրջանները, մաղթելով, որ բոլոր այդ որմազդները եւ պաստառները վերցուին փողոցներէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ եթէ կարելի չըլլայ ընտրական օրէնքին մասին համաձայնութեան մը յանգիլ, ապա Լիբանան լուրջ հարցի մը դէմ յանդիման պիտի գտնուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ որ արդար պիտի ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ պետութեան յարկին տակ արձանագրուած միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը անհրաժեշտ են եւ անոնք երկրին համար կրնան տարբեր իրագործումներու դուռ բանալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ փտածութիւնը սկսած է լիբանանցիին կենցաղին անմասն մէկ բաժինը դառնալ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պատասխանատու են այդ իրականութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ զետեղուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու` երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յոյս յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումը վերջնականապէս կը վաւերացուի խորհրդարանի յաջորդ նիստերուն ընթացքին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք առաւելագոյն չափով դրական եւ լուրջ վարուելակերպ կը ցուցաբերեն ընտրական օրէնքը մշակելու առումով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է օգտուիլ տիրող ներկայ մթնոլորտէն` աւելցնելով, որ առանց համախոհութեան ոչ մէկ հարց կարելի է լուծել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ պաղեստինցիները պէտք է ապազինուին` սպասելով պաղեստինեան հողեր իրենց վերադարձին: «Հիւրը պէտք է նկատի ունենայ հիւրընկալին պայմանները եւ յարմարի անոնց», ըսաւ Ապի Նասըր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է մտածէ, որ իրենք կրնան ընդունիլ, որ ընտրական նոր օրէնքը ի վնաս իրենց ըլլայ:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ դժուար փուլ մը, որուն ընթացքին ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ սերտ գործակցութիւն պէտք է ապահովուի` դէմ դնելու համար ահաբեկչութեան:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ սուրիական բանակին կողմէ Ռաքքան ազատագրելու ճակատամարտին ընթացքին մեծ թիւով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ փախուստ տան դէպի իրաքեան եւ թրքական սահմաններ: Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի ապահովական կառոյցները համախոհութիւն գոյացուցած են լիբանանեան սահմաններուն վրայ ապահովական միջոցառումները խստացնելու` ետ մղելու համար այդ ահաբեկիչներուն կողմէ լիբանանեան սահմաններէն ներս թափանցելու որեւէ փորձ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ լիբանանեան բանակին պիտի տրամադրեն «Սուփըր Թոքանօ» տիպի օդանաւեր:

Նախորդը

«Ընտրողներուն Համար Ընտրութիւնը Դարձած Է Դրամ Շահելու Միջոց» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Իպրահիմ. «Կարելի Չէ Ըսել, Թէ Ահաբեկչութիւնը Երկրին Չի Սպառնար»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?