Լիբանանեան

«ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Տեղեկագիրը Հըզպալլայի Դէմ Յարձակում Է»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Տեղեկագիրը Հըզպալլայի Դէմ Յարձակում Է» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ, եւ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկագիրը Հըզպալլայի դէմ յարձակում է եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերող տեղեկագիր: Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ այդ տեղեկագիրը ամերիկեան-իսրայէլեան տեսակէտներուն համընկնող է...

Լազարինիի Հետ Մերեհպի Շրջեցաւ Սուրիացի Տեղահանուածներ Պատսպարող Հարաւային Լիբանանի Շրջանները

Լազարինիի Հետ Մերեհպի Շրջեցաւ Սուրիացի Տեղահանուածներ Պատսպարող Հարաւային Լիբանանի Շրջանները

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի,  ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի երէկ այցելեց սուրիացի տեղահանուածներ պատսպարող հարաւային Լիբանանի շրջանները: Մերեհպի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին հետ կը վերաբերի ՄԱԿ-ին հետ գործակցաբար: Ան ըսաւ,  թէ իրենք համաձայն են սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին, սակայն չեն կրնար ինքնագլուխ քայլերու դիմել եւ զանոնք տուն վերադարձնել` խզելով Միջազգային ընտանիքին պարտադրած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը կը գտնուի վերջնական համաձայնութեան սեմին: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ հիմնուած է Ազգային ուխտին վրայ եւ պիտի վաւերացուի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտէն առաջ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յաջողած է ընտրական օրէնքին մասին բոլորին տեսակէտները իրարու մօտեցնել` աւելցնելով,...

Նախագահական Պալատին Մէջ.   «Ընտրական Օրէնքը Վաւերացնելու Սեմին Կը Գտնուինք»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Ընտրական Օրէնքը Վաւերացնելու Սեմին Կը Գտնուինք» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հարիրի նախագահական պալատէն շեշտեց, որ ինք եւ նախագահ Աուն յանձնառու կը մնան ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացման: «Ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու սեմին կը գտնուինք», յայտնեց Հարիրի` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է հասկնան, թէ իրենց կարեւորութեամբ երկրին...

Այն Թինէի Մէջ.  «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Այն Թինէի Մէջ. «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է ընտրական օրէնքը, որուն գծով Պըրրիի մօտ կը տիրէ դրական տրամադրութիւն, յատկապէս նախանցեալ օրուան Այն Թինէի հանդիպումին լոյսին տակ: «Այդ հանդիպումին համամասնական դրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացաւ, սակայն տակաւին կան որոշ...

Վարչապետը Կիտանեանի Հետ Քննարկեց  Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետը Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ի մասնաւորի` զբօսաշրջութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Ժեզզինի Միջազգային Փառատօնին  Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը տրուեցաւ 2017-ի Ժեզզինի միջազգային փառատօնին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, Ժեզզինի քաղաքապետութիւններու...

Ընտրական Օրէնքը Քննարկումի Առարկայ`  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Ընտրական Օրէնքը Քննարկումի Առարկայ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանը, որուն հետ շարունակեց քննարկել ընտրական օրէնքին կապուած հարցեր: Աւելի ուշ հանդիպումին միացաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ իրենց նպատակն է նորընտիր խորհրդարանին մէջ սրբագրել լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցչութիւնը` իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ապահովելով...

Սարրաֆ Հանգստեան Կոչուած Սպաներուն Հետ Քննարկեց Անոնց Պահանջները

Սարրաֆ Հանգստեան Կոչուած Սպաներուն Հետ Քննարկեց Անոնց Պահանջները

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հանգստեան կոչուած սպաները, որոնց հետ քննարկեց անոնց պահանջները, յատկապէս աշխատավարձի յաւելումներուն կապուած մանրամասնութիւնները: Սարրաֆ սպաներէն պահանջեց ներկայացնել պահանջներու ցանկ մը եւ վերացնել որեւէ անարդարութիւն, որ կրնայ ազդել հանգստեան կոչուած սպաներուն իրաւունքներուն: Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ շեշտեց, որ ինք յանձնառու է իւրաքանչիւր զինուորի իրաւունքի պահպանումին, ինչպէս նաեւ պիտի պայքարի անոնց հաշուոյն եղող որեւէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հան Մորիցը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մորից մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութիւնը վերահաստատուի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերը յաջողին վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը ու երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարեն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախարարաց խորհուրդին յղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի վերանշանակման շրջաբերականը, որպէսզի...

«Մայատին» Պատկերասփիւռին Հարցազրոյց Մը Տալով.   Դաւիթ Բաբայեան Անդրադարձաւ Արցախի Քառօրեայ Պատերազմին Եւ Անոր Հետեւանքներուն

«Մայատին» Պատկերասփիւռին Հարցազրոյց Մը Տալով. Դաւիթ Բաբայեան Անդրադարձաւ Արցախի Քառօրեայ Պատերազմին Եւ Անոր Հետեւանքներուն

Երէկ երեկոյեան պատկերասփիւռի «Մայատին» կայանէն սփռուեցաւ հարցազրոյց մը Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանին հետ, որ անդրադարձաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն: Այս առթիւ «Մայատին»-ի հաղորդավարին հարցումներուն պատասխանելով, Բաբայեան մանրամասն լուսաբանութիւններ կատարեց մամուլին կողմէ այս հարցին անդրադարձին եւ առնչակից իրադարձութիւններուն: Հարցազրոյցին ելեկտրոնային կապը զետեղուեցաւ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին վրայ: https://www.youtube.com/watch?v=Bwv-9w8mjgQ

Խորհրդարանի Նիստը Յետաձգուեցաւ 29 Մայիսին.  Գործնական Եզրայանգումի Բացակայութեան` Ընտրական Թղթածրարին Գծով Խորհրդակցութիւնները Շարունակուեցան

Խորհրդարանի Նիստը Յետաձգուեցաւ 29 Մայիսին. Գործնական Եզրայանգումի Բացակայութեան` Ընտրական Թղթածրարին Գծով Խորհրդակցութիւնները Շարունակուեցան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան 15 օրով յետաձգեց այսօր նախատեսուող խորհրդարանի նիստը: 29 մայիս 2017-ի կէսօրին (խորհրդարանը նիստ պիտի գումարէ քննելու համար ընտրական թղթածրարը եւ այս գծով վճռական որոշում մը կայացնէ նախքան այժմու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտը` 20 յունիս 2017-ին: Առնչակից կողմերուն միջեւ այս գծով խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան շաբաթավերջին փորձելով դրական եզրայանգում կայացնել ընտրական թղթածրարին վերաբերեալ: Լրատուական աղբիւրներու կողմէ «Խիստ կարեւոր»...

Փակելով Թրիփոլիի Մայրուղին.  Ռումիէի Բանտարկեալներու Ծնողներ Ներում Պահանջեցին Իրենց Զաւակներուն Համար

Փակելով Թրիփոլիի Մայրուղին. Ռումիէի Բանտարկեալներու Ծնողներ Ներում Պահանջեցին Իրենց Զաւակներուն Համար

Ռումիէի բանտին մէջ որոշ ատենէ ի վեր արգելափակուած արմատական իսլամ բանտարկեալներու ծնողները եւ ընտանեկան պարագաները շաբաթավերջին որոշ ժամանակով փակեցին Թրիփոլիի մայրուղին, Ապու Ալի գետին ուղղութեամբ, անիւներ հրկիզելով: Անոնք լիբանանեան իշխանութենէն պահանջեցին ընդհանուր ներում շնորհել իրենց զաւակներուն: Սակայն նահատակ բանակայիններու (որոնց սպանութեան յանցանքով մեղադրուած են բանտարկեալները) ծնողներ փութացին հակազդել` ընդգծելով, որ անկարելի է «այսպիսի ոճրագործներու համար ներում ընդունինք»:  

Բարգաւաճման Յատուկ Տոհայի 17-րդ Համագումարին.  Հարիրիի Կոչը` Շրջանային Եւ Միջազգային Օժանդակութեանց Վերաշխուժացման

Բարգաւաճման Յատուկ Տոհայի 17-րդ Համագումարին. Հարիրիի Կոչը` Շրջանային Եւ Միջազգային Օժանդակութեանց Վերաշխուժացման

«Այն, ինչ որ կը պակսի ներկայիս շրջանին համար` կայունութիւնն է», յայտարարեց վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Տոհայի մէջ բարգաւաճման յատուկ 17-րդ համագումարի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ: Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութեանց եւ յատկապէս` անոնց լիբանանեան հետեւանքներուն, վարչապետ Հարիրի շեշտեց օժանդակութեան կարիքը, «որովհետեւ Լիբանան անզօր է առանձինն դիմակալելու աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու հոգատարութեան դժուարութիւնները»: Վիճակագրական թուային պատկերներով վարչապետ Հարիրի լուսարձակի տակ...

«Մենք Այս Երկիրը Կը Ներկայացնենք Եւ Կ՛ուզենք Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն»  Յայտարարեց Թէյմուր Ժոմպլաթ

«Մենք Այս Երկիրը Կը Ներկայացնենք Եւ Կ՛ուզենք Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն» Յայտարարեց Թէյմուր Ժոմպլաթ

«Հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ կը ներկայացնենք այս երկիրը, առ այդ կ՛ուզենք ճի՛շդ ներկայացուցչութիւն», յայտարարեց ժողովրդավարական հանդիպումի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի որդին` Թէյմուր Ժոմպլաթ: Ան այս հաստատումը կատարեց, երբ բացումը կը կատարէր Շուֆի Սըմքանիէի մարզական աւանին, ներկայութեամբ պետական, պաշտօնական, միութենական, կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

«Բախումներու Ընթացքին Թրիփոլիի Հաշուոյն» Կուտակուած Տուրքերէն Զերծ Պէտք Է Պահել Քաղաքը»   Առաջարկեց Մըսպահ Ահտապ

«Բախումներու Ընթացքին Թրիփոլիի Հաշուոյն» Կուտակուած Տուրքերէն Զերծ Պէտք Է Պահել Քաղաքը» Առաջարկեց Մըսպահ Ահտապ

Քաղաքացիական չափաւորականութեան հանդիպումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ երէկ կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն ջնջելու Թրիփոլիի մէջ պատահած բախումներու տեւողութեան կուտակուած տուրքերը: «Եթէ աւելի լաւ առաջարկ ունին, թող ներկայացնեն: Ընդգծեց նախկին երեսփոխանը Թրիփոլիի կէս-մարաթոնին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ` չծածկելով իր ընդվզումը «Թրիփոլիի նկատմամբ ցուցաբերուող խտրական քաղաքականութենէն»:

Դատապարտում` Ապրայի Մէջ Մար Էլիասի Արձանին Դէմ Կատարուած Յարձակումին

Դատապարտում` Ապրայի Մէջ Մար Էլիասի Արձանին Դէմ Կատարուած Յարձակումին

Սայտայի քաղաքապետը շաբաթավերջին բուռն կերպով դատապարտեց Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ Մար Էլիասի արձանին դէմ կատարուած յարձակումը: Նոյն ծիրին մէջ երեսփոխան Պահիա Հարիրի այցելեց Սայտայի եւ Տէյր Քամարի յոյն կաթողիկէներու առաջնորդ Էլի Պշարա Հատտատի բնակարանը, Մաժտալիունի մէջ, եւ դատապարտեց Մար Էլիասի արձանին դէմ կատարուած յարձակումը: Պահիա Հարիրի ըսած է, որ այս դէպքը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ վնասել շրջանի համակեցութեան: Նմանապէս, Լըպաայի...

Աւետելով Հիմնական Շրջադարձ Մը Եւ Համաշխարհային Համագումարի Կայացումը`   «Փառատօներու Միջոցով Կ՛ուզենք Տալ Այն Դրական Դիմագիծը, Զոր Կը Ցանկանք Լիբանանի Համար»  Յայտարարեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

Աւետելով Հիմնական Շրջադարձ Մը Եւ Համաշխարհային Համագումարի Կայացումը` «Փառատօներու Միջոցով Կ՛ուզենք Տալ Այն Դրական Դիմագիծը, Զոր Կը Ցանկանք Լիբանանի Համար» Յայտարարեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

«Փառատօներու ճամբով Լիբանանին կու տանք այն դրական դիմագիծը, զոր մենք կ՛ուզենք պատկերացնել անոր համար», յայտարարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` ուրբաթ, 12 մայիսին մեկնարկը յայտարարելով Տըպպայէի փառատօնին: «Յառաջիկայ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն համար պանդոկներուն մէջ ցարդ հաստատուած ցանկագրումները աւելի քան վաթսուն առ հարիւր համեմատութիւնը կը թեւակոխեն, ինչ որ դրական նախանշան է այս ամրան մեզ սպասող զբօսաշրջային ծաղկուն եղանակին գծով», ընդգծեց...

Լռութեան Եւ Վերապահութեան Մթնոլորտի Մէջ.  Լաւատեսութեան Նախանշաններ`  Փրկարար Լուծման Գծով

Լռութեան Եւ Վերապահութեան Մթնոլորտի Մէջ. Լաւատեսութեան Նախանշաններ` Փրկարար Լուծման Գծով

Երկրի հրատապ հարցերուն կիզակէտը կազմող ընտրական օրէնքին առչնութեամբ արծարծուող այլազան տարբերակներու «սակարանը» կարծէք վերջին օրերուն որոշ տեղքայլ կ՛արձանագրէ, եւ առնչակից կողմերը նախանձախնդիր են խուսափելու անգործնական առաջարկներէ: Անոնցմէ ոմանք վերապահ են, մինչ ուրիշներ կը նախընտրեն լռել, գէթ ներկայ փուլին: Աւելի՛ն, դրսեւորուող քաղաքական կեցուածքներուն մէջ ակնյայտ է որոշ մեղմացում նոյնիսկ գաղափարական թէ քաղաքական սուր բանավէճերով իրարմէ զանազանուող կողմերու միջեւ: Այս կեցուածքները կու...

Բանակի Հրամանատարին Հետ Թֆէյլի Բնակիչներու Տունդարձը Քննելով`  Վարչապետ Հարիրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Երկրին Ընդհանուր Իրավիճակը

Բանակի Հրամանատարին Հետ Թֆէյլի Բնակիչներու Տունդարձը Քննելով` Վարչապետ Հարիրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Երկրին Ընդհանուր Իրավիճակը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց զանազան այցելուներ, որոնց հետ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը` հրատապ հարցերուն գծով արձանագրուող նորագոյն իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Հարիրի երէկ ընդունեց երեսփոխան Ըսթֆան Տուէյհին` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Անթոնիին:  Նմանապէս, վարչապետը երէկ ընդունեց Լիբանանի Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ արծարծեց ընդհանուր իրավիճակը շրջանային իրադարձութիւններուն լոյսին...

Page 740 of 987 1 … 739 740 741 … 987

Արխիւներ