Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Նիստը Յետաձգուեցաւ 29 Մայիսին. Գործնական Եզրայանգումի Բացակայութեան` Ընտրական Թղթածրարին Գծով Խորհրդակցութիւնները Շարունակուեցան

Մայիս 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան 15 օրով յետաձգեց այսօր նախատեսուող խորհրդարանի նիստը: 29 մայիս 2017-ի կէսօրին (խորհրդարանը նիստ պիտի գումարէ քննելու համար ընտրական թղթածրարը եւ այս գծով վճռական որոշում մը կայացնէ նախքան այժմու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտը` 20 յունիս 2017-ին:

Առնչակից կողմերուն միջեւ այս գծով խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան շաբաթավերջին փորձելով դրական եզրայանգում կայացնել ընտրական թղթածրարին վերաբերեալ:

Լրատուական աղբիւրներու կողմէ «Խիստ կարեւոր» եւ «անկիւնադարձային» նկատուող նիստը գումարուեցաւ երէկ, կիրակի գիշեր, ժամը 9:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Այն Թինէի բնակարանին մէջ: Նիստին ներկայ էին վարչապետ Սաատ Հարիրի, անոր գրասենեակի տնօրէն` Նատէր Հարիրի, լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Ընթրիքի շուրջ կայացած խորհրդակցութիւններուն մասին ոչինչ հրապարակուեցաւ: «Ժողովականները պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները յառաջիկային եւս» ըսուեցաւ, հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ` Հարիրիի Բնակարանին Մէջ

Նախքան այդ, նմանօրինակ նիստ մը գումարուեցաւ նաեւ Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, վարչապետ Սաատ Հարիրիի բնակարանը, մասնակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի եւ Հարիիի գրասենեակի տնօրէն` Նատեր Հարիրիի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ընտրական թղթածրարին գծով առաջադրուող լուծման տարբերակները:

Նշենք, որ երեսփոխան Ժորժ Ատուան նախքան այդ նոյն հարցով հանդիպում մը ունեցած էր նախարար Թալալ Արսլանի հետ:

Նոյն նպատակով շաբաթավերջին մագոգային այլ հանդիպումներ ունեցած էր առնչակից կողմերուն հետ:

Իրադարձութիւններուն եւ դրսեւորուող կեցուածքներուն մօտէն հետեւելով` անյայտ է, որ ընտրական այս «թնճուկ»-ի լուծման առնչակից կողմերուն միջեւ կը տիրէ հանդարտեցումի ընդհանուր մթնոլորտ եւ հասարակաց տրամադրութիւն` խորհրդարանի արտակարգ նիստի գումարման գծով:

Կեցուածքներ

Նշեալ տրամադրութիւնները ակներեւ էին գլխաւոր կողմերու դրսեւորած կեցուածքներուն մէջ:

Այսպէս վարչապետ Սաատ Հարիրի Քաթարին մէջ «Շարք» թերթին կատարած իր յայտարարութեամբ, «Խոստովանելով» հանդերձ կողմերուն միջեւ քաղաքական տարակարծութեան առկայութիւնը, ըսաւ. «Այսուհանդերձ, կողմերը նախանձախնդիր են հարցերը լուծելու ներդաշնակ եւ համախոհական մթնոլորտի մէջ»:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարք Պքերքէի մէջ իր կիրակնօրեայ քարոզին մէջ կոչ ուղղեց` փութալու լուծել ընտրական թնճուկը: Ռայի պատրիարք դիտել տուաւ, թէ պատասխանատուներ պէտք է հաւաքական շահերը գերիվեր դասեն, որովհետեւ անոնցմէ շատեր իրենց անհատական հաշիւները առաջնակարգ կը նկատեն:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաւաստեց, որ նախքան 20 յունիսի ժամկէտի աւարտը կարելի պիտի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:

 

Նախորդը

Փակելով Թրիփոլիի Մայրուղին. Ռումիէի Բանտարկեալներու Ծնողներ Ներում Պահանջեցին Իրենց Զաւակներուն Համար

Յաջորդը

«Մայատին» Պատկերասփիւռին Հարցազրոյց Մը Տալով. Դաւիթ Բաբայեան Անդրադարձաւ Արցախի Քառօրեայ Պատերազմին Եւ Անոր Հետեւանքներուն

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?