«Հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ կը ներկայացնենք այս երկիրը, առ այդ կ՛ուզենք ճի՛շդ ներկայացուցչութիւն», յայտարարեց ժողովրդավարական հանդիպումի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի որդին` Թէյմուր Ժոմպլաթ:
Ան այս հաստատումը կատարեց, երբ բացումը կը կատարէր Շուֆի Սըմքանիէի մարզական աւանին, ներկայութեամբ պետական, պաշտօնական, միութենական, կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:



