Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի երէկ այցելեց սուրիացի տեղահանուածներ պատսպարող հարաւային Լիբանանի շրջանները:
Մերեհպի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին հետ կը վերաբերի ՄԱԿ-ին հետ գործակցաբար:
Ան ըսաւ, թէ իրենք համաձայն են սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին, սակայն չեն կրնար ինքնագլուխ քայլերու դիմել եւ զանոնք տուն վերադարձնել` խզելով Միջազգային ընտանիքին պարտադրած օրէնքները:
Մերեհպի ի համաձայն, Լիբանան ամէնէն առատաձեռն պետութիւնն է` սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին պարագային` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները 18 միլիառ տոլարի յատկացում կատարած են սուրիացի գաղթականներուն, մինչդեռ Լիբանանի օժանդակ պետութիւնները հազիւ 8 միլիառ տոլար նուիրած են անոր:
Իր կարգին, Լազարինի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու եւ անոնց նկատմամբ առատաձեռն գտնուելու առիթով:
Լազարինի շեշտեց, որ, հակառակ միջազգային բոլոր դժուարութիւններուն, իրենք պիտի աշխատին Լիբանանի օժանդակութիւններ ապահովել:



