Լիբանանեան

Պէյրութի Մէջ.   Ալֆանօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան-Իտալական Յարաբերութիւններու Ամրապնդումին

Պէյրութի Մէջ. Ալֆանօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան-Իտալական Յարաբերութիւններու Ամրապնդումին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները: Ալֆանօ նախագահ Աունին փոխանցեց Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի ողջոյնները` անոր յանձնելով Իտալիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը: Նախագահ Աուն ողջունեց Ալֆանոյի Լիբանան այցելութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Մաթարելլայի հրաւէրին համար, եւ խոստանալով...

Նախագահ Աուն Եարզէի Մէջ Հետեւեցաւ Բանակին Իրագործած Զինուորական Տեսակարար Գործողութեան

Նախագահ Աուն Եարզէի Մէջ Հետեւեցաւ Բանակին Իրագործած Զինուորական Տեսակարար Գործողութեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն քննարկեց բանակին կարիքներն ու ստանձնած ծանր պարտականութիւնները: Նախագահ Աուն հետեւեցաւ նաեւ բանակին իրագործած զինուորական պարտականութեանց մանրամասնութիւններուն, յատկապէս արեւելեան լեռնաշղթային վրայ անոր տարած աշխատանքին: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ...

Մաշնուք Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին Ու Միւֆթիին Եւ Ընդունեց Հացադուլի Դիմող Արգելափակեալներուն Ընտանեկան Պարագաները

Մաշնուք Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին Ու Միւֆթիին Եւ Ընդունեց Հացադուլի Դիմող Արգելափակեալներուն Ընտանեկան Պարագաները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց ներքին ապահովութեան ուժերուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Մաշնուք յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ներկայիս անմիջական կարիքը ունին 2000 նորակոչներ զինուորագրելու` աւելցնելով նաեւ, որ այդ ուժերը կը պատրաստուին 9 յունիսին նշելու իրենց հիմնադրութեան տարեդարձը: Մաշնուք այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ...

Ռայի Պատրիարքը Պարգեւատրեց Իսամ Ֆարեսը

Ռայի Պատրիարքը Պարգեւատրեց Իսամ Ֆարեսը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ պարգեւատրեց նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսը` նշելով, որ այդ համեստ,  սակայն պատմական պարգեւատրման նպատակն է գնահատել Ֆարեսը` Լիբանանի ու տարբեր երկիրներու մէջ իր կատարած բարեգործութիւններուն համար: Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց Ֆարեսի բարեսիրական աշխատանքները եւ նուիրումը եկեղեցւոյ, ըլլայ ան ուղղափառ թէ մարոնի համայնքի: «Լիբանան կարիքը ունի Ֆարեսի նման պետական այրերու, որոնց համար Լիբանանը ամէն...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հեռաձայնային Սովորական Կապի Ցանցին Դէմ Գործուած Ոտնձգութեան Առումով

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հեռաձայնային Սովորական Կապի Ցանցին Դէմ Գործուած Ոտնձգութեան Առումով

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Դիմադրութեան եւ ազատագրումի օրուան տօնին ընդմէջէն լիբանանցիները հպարտ կը զգան իրենց ինքնութեամբ, արժանապատուութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգային մակարդակի վրայ իրենց իւրայատուկ դերակատարութեամբ: Ան նշեց, որ այդ տօնը ուրախութիւն կը պատճառէ բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց մորթին վրայ զգացած են բռնագրաւումի տառապանքը:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադառնալը ամօթալի է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները վտանգաւոր հետեւանքներ չունին: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համար շահաւէտ նկատուող ընտրական օրէնքը նախկին նախարար Մարուան Շարպելի ներկայացուցած տարբերակն է: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ըսաւ. «Լիբանանցիները պիտի...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Բանակին Զինուորագրելու 2000 Նորակոչներ

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Բանակին Զինուորագրելու 2000 Նորակոչներ

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր քննարկած օրակարգը ամբողջութեամբ վաւերացուցած է` նշելով, որ վարչապետ Հարիրի նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շաբաթավերջին Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ռիաշի շեշտեց,...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Բագրատունի շնորհաւորեց զօր. Աունը` բարձր գնահատելով բանակի դերակատարութիւնը Լիբանանի անդորրութեան պահպանման եւ երկրին սահմաններուն անվտանգութեան ապահովման մէջ: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ  երիտասարդութիւնը իր ազգային ծառայութիւնը կատարէ բանակին ընդմէջէն: Իր կարգին, զօր. Աուն յատուկ կերպով գնահատեց բանակի հայ...

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» Ծրագիրը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» Ծրագիրը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ յայտարարեց զբօսաշրջական նոր ծրագիր մը, որուն անունն է «Վիզիթ Լեպանոն 2017»: Շրջանին մէջ առաջին անգամն է, որ նման ծրագիր մը կը հրապարակուի` նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել Լիբանանի զբօսաշրջական պատկերը, ինչպէս նաեւ ներկայացնել Լիբանանի ունեցած կարողութիւնները` ծառայութեան եւ զանազան մարզերու վերաբերող: Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ «Վիզիթ Լեպանոն 2017» ծրագիրին մաս կը կազմեն 150 համաշխարհային ընկերութիւններ,...

«Լիբանան Որոշած Է Աշխուժ Եւ Արդիւնաւէտ Պետութիւն Հիմնել»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Որոշած Է Աշխուժ Եւ Արդիւնաւէտ Պետութիւն Հիմնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր փոխնախագահ եւ փոխտնօրէն Ֆիլիփ լը Հուերոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան որոշած է աշխուժ եւ արդիւնաւէտ պետութիւն հիմնել, վարչական եւ դրամական քննչական մարմիններու դերակատարութիւնը բարելաւել` պայքարելու համար փտածութեան դէմ եւ պետական հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն գործունէութեան...

«Տակաւին Լաւատես Եմ Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Գոյանալիք Համաձայնութեամբ»  Շեշտեց Պըրրի

«Տակաւին Լաւատես Եմ Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Գոյանալիք Համաձայնութեամբ» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ ինք լաւատես է ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ գոյանալիք համաձայնութեամբ: Պըրրի հաստատեց, որ «ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով լաւատեսութիւնս հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը տակաւին ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` իրականացնելու այդ նպատակը, ինչպէս նաեւ բոլորին...

Սարրաֆ Փաթրիք Ֆախրիի Հետ Քննարկեց Պթատհիի Ոճիրին Վերաբերող Հարցեր

Սարրաֆ Փաթրիք Ֆախրիի Հետ Քննարկեց Պթատհիի Ոճիրին Վերաբերող Հարցեր

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Փաթրիք Ֆախրին, որուն ծնողները` Սուպհի եւ Նատիմա Ֆախրի Պթատհիի մէջ սպաննուած էին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այդ ոճիրին գծով բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւնները, եւ ընդգծուեցաւ ոճրագործները պատժելու կարեւորութիւնը: Նախարար Սարրաֆ հաստատեց, որ արդարութեան բանեցումը լիբանանեան ընկերութեան կայունութեան պահպանման հիմքն է: Սարրաֆ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը ամէնուրեք  պարտադրելով է, որ երկրին կացութիւնը կարելի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ հայրենիքի սահմաններուն հսկողներուն շնորհիւ Լիբանան ճակատաբաց կը գոյատեւէ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, 95...

Վարչապետարանին Մէջ  Մեկնարկը Տրուեցաւ Կրօնական Զբօսաշրջութեան Ծրագիրին

Վարչապետարանին Մէջ Մեկնարկը Տրուեցաւ Կրօնական Զբօսաշրջութեան Ծրագիրին

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ կրօնական զբօսաշրջութեան ծրագիրին: Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, մեծ թիւով կրօնականներ, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան ու կրօնական զբօսաշրջութեան մարզերու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ: Լիբանանի եւ Իտալիոյ...

«Նախագահ Աուն Լաւատես Է Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Իմաստով»   Շեշտեց Իսամ Ֆարես

«Նախագահ Աուն Լաւատես Է Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Իմաստով» Շեշտեց Իսամ Ֆարես

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆարես յայտնեց, որ նախագահ Աուն լաւատես է մօտիկ ապագային ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու իմաստով, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւններուն: Ֆարես յայտնեց, որ, շրջանային պայմաններուն բաղդատելով, Լիբանանի մէջ կը տիրէ ապահովական կայունութիւն, որուն համար Լիբանան երանելի վայր...

«Կը Ցաւինք Ծերակոյտը Մերժող Արտայայտութիւններուն Համար Եւ Կառչած Կը Մնանք Ընտրական Օրէնքի Որակաւորման Տարբերակին»  Ընդգծեց Պասիլ

«Կը Ցաւինք Ծերակոյտը Մերժող Արտայայտութիւններուն Համար Եւ Կառչած Կը Մնանք Ընտրական Օրէնքի Որակաւորման Տարբերակին» Ընդգծեց Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին մէջ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութեան սրբագրումը Ազգային ուխտ կը կոչուի եւ ոչ թէ համայնքայնութիւն: «Ինչպէ՞ս Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը պահանջէ Շուֆը եւ Ալէյը մէկ ընտրաշրջանի վերածել` յարգելու համար տիւրզի համայնքին իւրայատկութիւնը: Արդեօք այս քայլը համայնքայնութիւ՞ն...

Զօր. Պերի Հարաւային Լիբանան Կը Հրաւիրէ Պասիլը

Զօր. Պերի Հարաւային Լիբանան Կը Հրաւիրէ Պասիլը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան զօրակցելու իրողութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին, լիբանանեան ծովուժին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը: Զօր....

Մուսթաքպալ Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ, Որ Երկրին Սահմանները Ըլլան Պետութեան Հսկողութեան Տակ

Մուսթաքպալ Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ, Որ Երկրին Սահմանները Ըլլան Պետութեան Հսկողութեան Տակ

Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին սահմանները պետութեան հսկողութեան տակ ըլլան` շեշտելով, որ անիկա կը դրսեւորէ իր գերիշխանութիւնը պահպանելու Լիբանանի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իր նախանձախնդրութիւնը: Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ քննադատեց քաղաքացիներուն մօտ զէնքի գոյութեան իրականութիւնը` ցաւ յայտնելով այն մասին,...

Միւֆթի Տըրիան Իսլամական Հարցեր Պուխարիի Հետ Քննարկեց

Միւֆթի Տըրիան Իսլամական Հարցեր Պուխարիի Հետ Քննարկեց

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց իսլամական հարցեր, ինչպէս նաեւ Քուրանը սորվելու մրցանք մը կազմակերպելու  վերաբերող մանրամասնութիւններ: Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան երէկ այցելեց միւֆթի շէյխ Հասան Խալետի դամբարանը` անոր նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով:  

Ժեմայէլ. «Մենք Կը Խօսինք Ընտրական Օրէնքին Մասին, Մինչդեռ Դուք Կ՛անդրադառնաք Ընտրական Համաձայնութիւններու»

Ժեմայէլ. «Մենք Կը Խօսինք Ընտրական Օրէնքին Մասին, Մինչդեռ Դուք Կ՛անդրադառնաք Ընտրական Համաձայնութիւններու»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան պահանջեց յարգել լիբանանցի ժողովուրդն ու անոր մտային կարողութիւնները: Ժեմայէլ յայտնեց, որ վերջերս հնչած այն յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին քաղաքական բոլոր ուժերուն յարմարող ընտրական օրէնքի մը` խիստ մերժելի են: Ան աւելցուց, որ ընտրական օրէնքին նպատակը պէտք է ըլլայ յարմարիլ լիբանանցիներուն...

Page 739 of 987 1 … 738 739 740 … 987

Արխիւներ