Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հան Մորիցը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մորից մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութիւնը վերահաստատուի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերը յաջողին վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը ու երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարեն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախարարաց խորհուրդին յղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի վերանշանակման շրջաբերականը, որպէսզի անիկա քննարկուի կառավարութեան վաղուան նիստին:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց` լիբանանեան քաղաքական ուժերու արդար ներկայացուցչութիւն ապահովելու համամասնական դրութեան ընդմէջէն` աւելցնելով, որ Լիբանան ամուր է սադրանքի բոլոր ծրագիրներուն դէմ:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ ճշդուած ժամկէտին մէջ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը հաւանական է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէի հետ: Քննարկուեցան երկրագործութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս` քարահանքերուն առնչուող:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ ընտրական օրէնքի մը, որ համամասնական դրութեան վրայ պիտի հիմնուի:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղայթ երէկ գիշեր ժամանեց Պէյրութ, մասնակցելու համար լիբանանեան բանակին կազմակերպած ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու տարեկան խորհրդաժողովին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան միացեալ շահերուն համար քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն կատարելիք զիջումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին գծով Լիբանանի վկայած բոլոր զարգացումները անդունդին եզրին կատարուած խաղեր են:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման աղբիւրները եւ նպատակները ծանօթ են բոլորին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը տակաւին խորհրդակցութիւններու առարկայ կը դառնայ` աւելցնելով, որ քննարկումը կը կեդրոնանայ համամասնական դրութեան շուրջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ բանտերուն հարցը հիմնական է` աւելցնելով սակայն, որ ընդհանուր ներումը պէտք չէ ընդգրկէ բոլոր պարագաները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք կը ներկայացնեն հզօր չափաւորականութիւնը, մինչդեռ Մուսթաքպալ հոսանքը` տկար չափաւորականութիւնը:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է` համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին շուրջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումէն, կը գրէ, թէ իրենք կը գործակցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Աուն շաբաթավերջին նախագահ զօր. Միշել Աունի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Շրայֆ ընտանիքին` գերդաստանի երիցագոյն անդամին` Քամալ Սատեք Շերիֆի մահուան առիթով: Եամմունէի մէջ ի պատիւ երեսփոխան Աունի կազմակերպուած ընդունելութեան ներկայ էին հանգուցեալին զաւակներն ու ընտանեկան պարագաները, որոնց կարգին էր նաեւ անոր եղբօրորդին` երգիչ Մույին Շրայֆ:

ՏԱՐԵԿԱՆ երեսուն հազար սուրիացիներ կը ծնին Լիբանանի սուրիական գաղթակայաններուն մէջ, յայտարարեց տեղահանուածներու հարցերու նախարար Մուին Մերեհպի: Ան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, որ այդ նորածիններուն մեծ մասը չ՛արձանագրուիր, «ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց ապրուստի պայմանները Լիբանանի մէջ»:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերէն ոստիկան Մաան Սայեղ յաջողեցաւ փրկել եթովպիացի յղի կին մը, որ ստիպողաբար Պէյրութի օդակայանի լուացարանին մէջ ծննդաբերութեան երկունքի մատնուած էր: Փրկարար ոստիկանը իր օգնութեամբ ծնած մանկիկին եւ մօր այցելեց նաեւ հիւանդանոցին մէջ` իր միտքը հանգստացնելու համար անոնց յետ- ծննդաբերական վիճակին առնչութեամբ:

ԽՈՒՄԲ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Տուէյրի մէջ զօրակցական կեցուածք յայտարարած են Իսրայէլի կողմէ արգելափակուած պաղեստինցի գերիներուն, որոնք հացադուլի դիմած են:

ՄԱՐ Ժըրժոս եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներով մեկնարկը կատարուեցաւ Ռամատան ամսուան` Իքլիմ Խարրուպի Ժատրա շրջանին մէջ: Այս նախաձեռնութեան դիմած էր շրջանի ընկերային հոգատարութեան միաւորի նախագահ հայր Ժոզեֆ Քազզի:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ դատաւորը շաբաթավերջին մահավճիռ արձակեց երեք պանկլատեշցիներու դէմ` նորածին Միմիի սպանութեան ոճիրին համար:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ դերասան Քամալ Ապու Շաքրա երէկ առաւօտ Այնուզէյն  հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց` սրտի կաթուածի պատճառով:

ՇՀԻՄԻ մէջ կիրակի կէսօրէ ետք Ղալեպ Պ. Ե. անունով 1973-ի ծնունդ մարդու մը դիակը գտնուեցաւ մսավաճառի իր խանութին մէջ: Լիբանանեան ապահովութեան ուժերը հետաքննութիւն բացած են դէպքին շուրջ:

ՀԵՐՄԵԼԻ արեւելքը` Պէյթ Թաշըմ ագարակի ճամբուն վրայ, երէկ Էլիաս Մ. Ա. անունով անձին դիակը գտնուեցաւ կանաչ «Մերսետես»- տիպի վանի մը մէջ: ԴԷպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է յատկապէս այն տեղեկութիւններու լոյսին տակ, թէ մէկէ աւելի բերման հրամանագիր արձակուած էր սպանեալին հասցէին:

 

Նախորդը

«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

Յաջորդը

Սարրաֆ Հանգստեան Կոչուած Սպաներուն Հետ Քննարկեց Անոնց Պահանջները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.