Երկրի հրատապ հարցերուն կիզակէտը կազմող ընտրական օրէնքին առչնութեամբ արծարծուող այլազան տարբերակներու «սակարանը» կարծէք վերջին օրերուն որոշ տեղքայլ կ՛արձանագրէ, եւ առնչակից կողմերը նախանձախնդիր են խուսափելու անգործնական առաջարկներէ: Անոնցմէ ոմանք վերապահ են, մինչ ուրիշներ կը նախընտրեն լռել, գէթ ներկայ փուլին: Աւելի՛ն, դրսեւորուող քաղաքական կեցուածքներուն մէջ ակնյայտ է որոշ մեղմացում նոյնիսկ գաղափարական թէ քաղաքական սուր բանավէճերով իրարմէ զանազանուող կողմերու միջեւ:
Այս կեցուածքները կու գան լաւատեսութեան որոշ նախանշաններ պարզելու, թէ կողմերը վճռած են ամէն գնով լուծել ընտրական թղթածրարը` մեկնելով ամբողջ Լիբանանի ընդհանրական շահերէն:
Այս ծիրին մէջ կու գայ նախագահ Միշել Աունի կեցուածքը` հարթելու բոլոր խոչընդոտները, ընտրական թղթածրարին լուծման համար, «որովհետեւ ընտրութիւնները մեզի իրաւունք կու տան լուծելու երկրին հարցերը եւ ոչ թէ քաղաքացիները զրկելու իրենց իրաւունքներէն»: Մեթնի քաղաքապետներու ու թաղապետներու եւ այլ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը ընդունելով` նախագահ Աուն շեշտեց քաղաքականութեան մէջ յամառութեան եւ վրէժխնդրութեան տրամադրութիւններէն հրաժարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նմանապէս, Հըզպալլայի հետ սուր տարակարծութեամբ յատկանշուող յարաբերութիւններ ունեցող վարչապետ Սաատ Հարիրի «Ռոթանա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուաւ, թէ այդ տարակարծութիւնը պատճառ պէտք չէ ըլլայ, որ առկախենք երկրի հարցերուն տնօրինումը: Իսկ վերակառուցման յատկացուած համագումարին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետը ներդաշնակութեան եւ համերաշխութեան կոչ ուղղեց խրթին հարցերու լուծման մէջ: «Ինչ որ ալ պատահի, ուր որ ալ դիմենք, ի վերջոյ ուշ կամ կանուխ մենք բացի իրարմէ ուրիշ ոչ ոք ունինք», շեշտեց ան:
Նոյն ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ անուղղակի կոչ ուղղեցին` մէկդի դնելու բոլոր տարակարծութիւնները եւ փոխադարձ զիջումներով լուծելու օրուան հրատապ հարցը, որու ժամկէտի սպառման 48 ժամ մնացած է:
Իսկ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի իր էջով թելադրեց հայեացքները ուղղել տնտեսութեան վրայ եւ լռել ընտրական թղթածրարին գծով:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան Հատաթի մէջ «Միշէլ Աուն» հրապարակին եւ փողոցի անուանակոչութեան արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ պէտք փակել հին էջը եւ բանալ նոր մը` ընդգծելով, որ բոլորին տրամադրութիւնները դրական են եւ թէ ինք եւ իր հետեւորդները կը հաւատան, որ միակ ելքը «յարութիւնն է»: Այլ խօսքով` փակել հին էջը եւ բանալ նոր մը, որ երկիրը լուսաշող ապագայի կ՛առաջնորդէ:
Ընտրական հարցին լուծումը, որ իբրեւ հիմնական մարտահրաւէր կը ցցուի իշխանութեան եւ անոր հիմնական մէկ մասնիկին` կառավարութեան դիմաց, առանցքը կազմեց փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի յայտարարութեանց: Ան Զահլէի մէջ կատարած իր շրջապտոյտին առիթով շեշտեց, թէ «պիտի չարտօնենք, որ կառավարութիւնը տեղի տայ այս մարտահրաւէրին դիմաց»:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան լաւատեսութեան յաւելեալ շունչ սփռեց` ընդգծելով, որ որոշ յառաջդիմութիւն կայ ընտրական թղթածրարին գծով եւ կարելի պիտի ըլլայ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան կայացնել ու ընտրական նոր օրէնք մը մշակել նախքան 19 յունիսի ժամկէտը: Ատուանի այս կեցուածքը առաւել եւս կը հաւաստեն վերջին 48 ժամերուն իր կատարած մագոգային խորհրդակցութիւնները պատկան գլխաւոր կողմերուն միջեւ:
Նոյն ծիրին մէջ, կարգ մը մեկնաբաններ կը հաւաստիացնեն որոշ յառաջդիմութեան արձանագրութիւնը, որ սակայն արգասիքն է քաղաքական համախոհութեան:
Կեցուածքներու այս մթնոլորտին մէջ քաղաքացիք եւս անհամբեր կը սպասեն յառաջիկայ 48 ժամերուն որդեգրուելիք դրական նախաձեռնութեանց քայլերուն:
Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած համամասնական օրէնքի տարբերակը ցարդ յարմարագոյն տարազն է ընտրական օրէնքին գծով: