Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ, եւ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին տեղեկագիրը Հըզպալլայի դէմ յարձակում է եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերող տեղեկագիր:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ այդ տեղեկագիրը ամերիկեան-իսրայէլեան տեսակէտներուն համընկնող է եւ նպատակը Լիբանանը պաշտպանող Դիմադրութեան դէմ արտայայտուիլ է:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ այնքան ատեն որ Կութիէրես Ֆելթմանի ցուցմունքներով կը շարունակէ իր ընթացքը, ապա չէզոք դերակատարութիւնը չի կրնար խաղալ:
«Մենք կը հաւատանք, որ իրաւունքը յաղթական դուրս պիտի գայ, բռնագրաւուած հողերը պիտի ազատագրուին, եւ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պիտի պահպանուին», ըսաւ ան:



