Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԱՈՒԹ Լուպնան (100.5) ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, վերջերս երիտասարդ Սարա Սլէյմանի կոյր փամփուշտի զոհ երթալուն պատճառ դարձած յանցագործը` Թահեր Մասրի յաջողած է լիբանանեան սահմաններէն հեռանալ Սուրիոյ ուղղութեամբ: ԱՂԲԱԿՈՅՏԵՐՈՒ հաւաքման գլխաւոր ընկերութեան` «Սուքլինի» գործունէութեան ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր` շաբաթ: Հետեւաբար, վաղը` կիրակի առաւօտէն սկսեալ թրքական «Աթլաս» եւ Մոհամետ Ամմաշի «Ռամքօ» ընկերութիւնները պիտի ստանձնեն այս աշխատանքը: ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի մաքսատան պաշտօնեաներ երէկ յաջողեցան ձախողեցնել...



















