Լիբանանեան

Եարզէի Մէջ.  Ահաբեկչական Ցանցերը Հետապնդելու  Իմաստով Համագործակցութեան Քննարկում

Եարզէի Մէջ. Ահաբեկչական Ցանցերը Հետապնդելու Իմաստով Համագործակցութեան Քննարկում

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ նախագահեց ապահովական կառոյցներու պետերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահի ապահովական եւ զինուորական հարցերու խորհրդատուն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, յատկապէս ահաբեկչական ցանցերն ու բջիջները հետապնդելու իմաստով: Քննարկուեցաւ նաեւ Ֆիթրի տօնին առիթով երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով ապահովական...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն.  «Խորհրդակցական  Նիստէն Մեզ Հեռու Պահելու Մասին  Պատասխան Կը Սպասենք Նախագահ Աունէն»

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն. «Խորհրդակցական Նիստէն Մեզ Հեռու Պահելու Մասին Պատասխան Կը Սպասենք Նախագահ Աունէն»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը լուրջ վտանգի դիմաց կը գտնուի: Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը ձախողած է սպասուած դրական ցնցումով իրեն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելու աշխատանքին մէջ, իսկ ընտրական օրէնքը խորքին մէջ մեծամասնական օրէնք մըն է, որ միայն անունով համամասնական է: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դատապարտեց ժողովրդավարական վարչակարգին պարագային...

Քաաքի Կը Գովաբանէ Սամիր Ժահժահը

Քաաքի Կը Գովաբանէ Սամիր Ժահժահը

Լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի երէկ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Քաաքի շեշտեց, որ Ժահժահին կատարած իր այցելութեան նպատակն է դրուատել անոր քաղաքական դերակատարութիւնը: Ան նշեց, որ Ժահժահ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն դժուար պահերուն, երբ ան հաշտուած է զօր. Միշել Աունի հետ եւ ներդրում ունեցած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պրէօվէի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին 29 յունիսին, «իսկ քանի մը օր ետք պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին», աւելցուց ան: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց երկրին հաստատութենական աշխատանքը ամրապնդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փոխադրել աւելի ապահով վայր մը: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ կուսակցութիւններուն մէջ...

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Մաս Կազմող  Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարները  Հրաւիրեց Խորհրդակցական Հանդիպումի

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Մաս Կազմող Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարները Հրաւիրեց Խորհրդակցական Հանդիպումի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարները հրաւիրեց խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքները աշխուժացնելու կարելիութիւնները, Թաէֆի համաձայնագիրին չգործադրուած կէտերը, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, հանրապետութեան նախագահին պատկերացումը` տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու իմաստով, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի եւ աշխատավարձի...

Հարիրի. «Սայտայի Սիրտը Լայն Է  Եւ Անիկա Ժեզզինի Հետ  Մէկ Ընտրաշրջանի Վերածուած Է»

Հարիրի. «Սայտայի Սիրտը Լայն Է Եւ Անիկա Ժեզզինի Հետ Մէկ Ընտրաշրջանի Վերածուած Է»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Մաժտալիունի մէջ սարքուած իֆթարի մը, ուր շեշտեց, որ Սայտան իր այցելած վերջին շրջանն է` իֆթարներու ներկայ գտնուելու շրջագիծին մէջ: Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի քայլն էր քաղաքացիական ծրագիրը սկսիլ Սայտայէն` վերջ տալու համար պատերազմին եւ սկսելու համար վերակառուցման: Հարիրի շեշտեց, որ շնորհիւ երեսփոխաններ...

Սարրաֆ. «Խորհրդարանին Դիմաց  Տեղի Ունեցած Դէպքերուն Մասին Կը Խոստանամ  Մանրակրկիտ Հետաքննութիւն Կատարել  Եւ Արդիւնքները Յայտարարել»

Սարրաֆ. «Խորհրդարանին Դիմաց Տեղի Ունեցած Դէպքերուն Մասին Կը Խոստանամ Մանրակրկիտ Հետաքննութիւն Կատարել Եւ Արդիւնքները Յայտարարել»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքացիներուն վրայ չի յարձակիր` աւելցնելով, որ ցուցարարներուն կողմէ Ռիատ Սոլհ հրապարակին զուգահեռ զօրանոցը մուտք գործելու փորձին պատճառով նման խնդիր մը բռնկած էր: Սարրաֆ նշեց, որ այդ փորձը չ՛արդարացներ քաղաքացիներուն խոշտանգումը, սակայն իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն կը ներկայանայ: Սարրաֆ շեշտեց, որ լսատեսողական լրատուամիջոցներով սփռուող եւ ընկերային ցանցերով տարածուող տեսանիւթերը դէպքին ամբողջ իրականութիւնը չեն դրսեւորեր, այլ...

Ընտրական Օրէնքին Մասին Կեցուածքներ

Ընտրական Օրէնքին Մասին Կեցուածքներ

Ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումէն եւ այդ օրէնքի պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակութենէն ետք, այդ օրէնքին մասին քաղաքական անձնաւորութիւններ կը շարունակեն կեցուածքներ արտայայտել: Կ՛անդրադառնանք շաբաթավերջին արտայայտուած այդ տեսակէտներուն: Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ պետական պաշտօնաթերթով հրատարակուած ընտրական նոր օրէնքը պէտք էր հրատարակուէր բացատրողական ուղեցոյցով կամ քաղաքական վերլուծումով: «Ամբողջ ամրան կարիքը պիտի ունենանք հասկնալու եւ սորվելու...

Ռայի Պատրիարք. «Կը Սպասենք,  Որ Լիբանանեան  Իշխանութիւնները Լուծում Մը Գտնեն  Տնտեսական Տագնապին»

Ռայի Պատրիարք. «Կը Սպասենք, Որ Լիբանանեան Իշխանութիւնները Լուծում Մը Գտնեն Տնտեսական Տագնապին»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որ նուիրուած էր հայրերու օրուան: Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հայրենիքը հայր է ու մայր` աւելցնելով, որ հայրենիքին ղեկավարները պէտք է նուիրումով գործեն` նորահաս սերունդներուն աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու համար: «Կը սպասենք, որ երկրին իշխանութիւնները լուծում մը գտնեն Լիբանանի տնտեսական տագնապին, ինչպէս նաեւ երկրին ու...

Տար Ֆաթուայի Եւ Սէյիտ Ֆատլալլայի  Գրասենեակին Համաձայն  Ֆիթրի Տօնին Առաջին Օրը Կիրակի Է

Տար Ֆաթուայի Եւ Սէյիտ Ֆատլալլայի Գրասենեակին Համաձայն Ֆիթրի Տօնին Առաջին Օրը Կիրակի Է

Տար Ֆաթուայի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, շաբաթ, 24 յունիսի գիշերը կրնայ զուգադիպիլ ռամատանի վերջին օրուան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ յաջորդ օրը` կիրակի, 25 յունիսը կրնայ դառնալ Ֆիթրի տօնին առաջին օրը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առաջին օրը Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ պիտի նախագահէ օրուան նամազին: Նշենք, որ իսլամ քարոզիչ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ երկրին տնտեսական մարզին բարգաւաճումը կարիքը ունի պետութեան զարթօնքին եւ երկրին մէջ գտնուող փոքր պետութիւններու հանգստեան կոչուելուն: ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Զիատ Շպիպ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Պէյրութի քաղաքապետարանին ներկայ սարքերը բարելաւելու համար: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի Պէյրութի քաղաքապետարանը շնորհաւորեց մայրաքաղաքին փողոցները աւլելու եւ աղբերը հաւաքելու իմաստով...

«Պէտք Է Համաձայնիլ Այնպիսի Նախագահի Մը Շուրջ,  Որ Նպատակներ Ունի Եւ Սահմանադրութիւնը Կը Յարգէ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Բագրատունի Կը Պահանջէ Աւետարանականներու Աթոռի Փոխադրութիւնը Պէյրութ Ա. Եւ Արտերկրի Մէջ Հայ Աթոռի Յաւելումը

Խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առնելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Ի վերջոյ հասանք համաձայնութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը, որ դժբախտաբար կը մեկնի Լիբանանի համայնքային դրութենէն: Հասանք օրէնքի մը, որուն հիմնական նպատակն էր երկրին խնայել պարապութիւնը»: Ան շարունակեց. «Մեկնելով արդարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան սկզբունքէն, եղան ընտրատարածքներու նոր դասաւորումներ, որոնց կարգին Պէյրութ, որ վերագտաւ անցեալի վիճակը` թէկուզ ձգելով համայնքային բաժանումի տպաւորութիւն: «Այս...

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց  Համամասնական Ընտրական Օրէնքը

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Համամասնական Ընտրական Օրէնքը

16 յունիս 2017-ի յետմիջօրէն Լիբանանի համար եղաւ պատմական: Մուրճի հարուածով մը եւ «վաւերացուած» բառով Լիբանան ունեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ` ներառելով վարկանշային քուէն, եւ Լիբանանը բաժնելով 15 ընտրաշրջանի: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն օրակարգին վրայ կար մէկ կէտ` ընտրական օրէնքի քննարկումը: Նիստի աւարտին կառավարութեան վաւերացումին արժանացած եւ խորհրդարան փոխանցուած համամասնական...

Նախագահ Աուն Բրիտանիոյ Դեսպանէն  Տեղեկութիւններ Պահանջեց  Շքէյր Ընտանիքին Մասին

Նախագահ Աուն Բրիտանիոյ Դեսպանէն Տեղեկութիւններ Պահանջեց Շքէյր Ընտանիքին Մասին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի հիմնումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ վաւերացուած է համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը: Ան նշեց, որ այդ օրէնքը կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի իրագործէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ իշխանութեան պիտի հասցնէ քաղաքական նոր շրջանակ մը, որուն կիզակէտը պիտի ըլլայ փոփոխութիւնն ու բարեկարգումը, ի մասնաւորի փտածութեան վերացումը` երկրին տարբեր կառոյցներուն...

Մոկերինի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կ՛ողջունեն  Լիբանանի Ընտրական Օրէնքը

Մոկերինի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունեն Լիբանանի Ընտրական Օրէնքը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ Լիբանանի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ մըն է` նկատի ունենալով, որ այդ օրէնքին հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ընտրական նոր օրէնքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի ժողովրդավարական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորել: «Հանրապետութեան նախագահի ընտութենէն...

Ժահժահ. «Ընտրական  Օրէնքը Օրինակելի Է»

Ժահժահ. «Ընտրական Օրէնքը Օրինակելի Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը օրինակելի է, որովհետեւ անիկա բխած է լիբանանեան բազմազանութենէն: Ժահժահ նշեց, որ ութ տարուան աշխատանքէն ետք, կարելի եղած է ընտրական օրէնքի մը յանգիլ: Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները` ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու առիթով, բարձր գնահատելով վարչապետին ցուցաբերած դրական վարուելակերպը, «առանց որուն անկարելի էր...

Հարիրի. «Պիտի Տեսնէք, Որ Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Ընթացքին Մուսթաքպալ  Հոսանքի Ճակատը Բարձր Պիտի Պահուի»

Հարիրի. «Պիտի Տեսնէք, Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Մուսթաքպալ Հոսանքի Ճակատը Բարձր Պիտի Պահուի»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ստորագրեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ Ֆիթրի տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան տօնին զուգադիպող առաջին եւ երկրորդ օրերուն ընթացքին: Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Իքլիմ Խարրուպի եւ Շուֆի Մուսթաքպալ հոսանքի մասնաճիւղին կազմակերպած իֆթարի երեկոյին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ շրջանին մէջ բարգաւաճման, յատկապէս կրթական ու արհեստից ուսման մարզին առումով յառաջդիմութիւն...

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ   Ընտրական Նոր Օրէնքը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ Ընտրական Նոր Օրէնքը

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, խորհրդարանը պիտի քննարկէ ընտրական նոր օրէնքը, որ կը կոչուի համամասնական ընտրական օրէնք եւ որ կը պարունակէ վարկանշային քուէի դրութիւն: Կառավարութեան վաւերացուցած եւ խորհրդարանին փոխանցած ընտրական նոր օրէնքը, որ տակաւին օրինագիծ մըն է, պիտի ստանայ խորհրդարանին վաւերացումը եւ ապա հրատարակուի պետական պաշտօնաթերթով: Միւս կողմէ, քաղաքացիներուն անվտանգութեան սպառնացող ոճրագործները խստօրէն պատժելու իմաստով լուրջ ջանքեր ի գործ կը...

Նախագահ Աուն. «Ոճրագործները  Պիտի Ենթարկուին  Երկրին Իշխանութիւններուն Պարտադրած  Խստագոյն Պատիժներուն»

Նախագահ Աուն. «Ոճրագործները Պիտի Ենթարկուին Երկրին Իշխանութիւններուն Պարտադրած Խստագոյն Պատիժներուն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վերջերս սպաննուած լիբանանցի երիտասարդ Ռոյ Համուշի ընտանեկան պարագաները, որոնց յայտնեց իր խոր կսկիծը պատահարին համար: Նախագահ Աուն ցաւակցեցաւ Համուշ ընտանիքին` ընդգծելով, որ երկրին մէջ արձանագրուած բոլոր ոճիրները, որոնց շարքին նաեւ Ռոյի անարգ սպանութիւնը, անպատիժ պիտի չմնան: Ան հաստատեց, որ ոճրագործները պիտի ենթարկուին երկրին իշխանութիւններուն պարտադրած խստագոյն պատիժներուն: Նախագահ Աուն շեշտեց,...

Հարիրի. «Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուցինք  Միասնաբար, Բոլորին Մասնակցութեամբ»

Հարիրի. «Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուցինք Միասնաբար, Բոլորին Մասնակցութեամբ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Պիել»-ի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի իսլամական Մաքասետ բարեսիրական միութեան կազմակերպած իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, ինչպէս նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ շարք մը անձնաւորութիւններ: Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հարիրի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ եւ միասնաբար վաւերացուած է: «Ինքզինքս միակ...

Page 731 of 987 1 … 730 731 732 … 987

Արխիւներ