Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկած են ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
«Թրիփոլիի մարոնի համայնքին պատկանող երեսփոխանական աթոռին փոխադրութիւնը մերժելու առումով Պըրրիի հետ համաձայն ենք», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ անձնական շահերուն եւ համախոհութիւն գոյացնել` առանց խտրութեան:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ Թրիփոլիի մէջ մարոնի համայնքի ներկայացուցիչի աթոռին` աւելցնելով, որ Պըրրի եւս համամիտ է իր կեցուածքին:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:



