Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի հետեւորդ երկու ապահովական բջիջներ: Ձերբակալուած են 9 անհատներ, որոնք հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի` դիմագրաւելու համար երկրին տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններն ու հարցերը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Պէյրութի միջազգային օդակայանը օժտել արդի սարքերով, որպէսզի անիկա աշխարհի առաջնակարգ օդակայաններէն մէկը դառնայ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ տնտեսութեան նախարարութենէն պահանջեց խստացնել որսորդութեան գոյքերու վաճառքին պայմանները` նկատի ունենալով, որ որսորդութիւնը արգիլուած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենց նպատակը արդար ներկայացուցչութիւն ապահովելն է` աւելցնելով, որ իրենք պայքարած են համամասնական ընտրական օրէնքին հասնելու համար:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենք կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնեն խնձորի ցանքով զբաղող հողագործներուն եւ կը պահանջեն կատարել անոնց բոլոր հատուցումները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը համայնքային եւ տեղայնական յատկանիշները վերստին կ՛ամրապնդէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ համամասնական դրութիւնը որդեգրելու սկզբունքը կ՛արտայայտէ առողջ եւ արդար ներկայացուցչութեան իրականութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան պիւտճէն վաւերացուած է, բացի այն գումարներէն, որոնք անյստակ են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը լաւագոյնն էր, որ կարելի էր իրականացնել: Ան աւելցուց, որ այդ օրէնքը պիտի ամրապնդէ անկախներուն ներկայութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին կարեւորագոյն յատկանիշը անոր Լիբանանի մէջ մշակուած ըլլալն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ կրօնի անուան տակ ոճիրներ եւ ահաբեկչութիւն գործելու պատկերը իսլամութիւնը անիրաւող պատկեր մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց մագնիսական քարտը երեսփոխանական ընտրութիւններուն չկապելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպանին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն եւ շրջանին իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ իրենք մերժած են ընտրական օրէնքին վաւերացման հոլովոյթին դէմ դնող քաղաքական ուժը դառնալ:

Նախորդը

«Կիպրոս Գտնուող Թրքական Բանակը Շրջանային Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Սպառնալիք Է» Կ՛ըսէ Սիլուրիս

Յաջորդը

Համատէ Այցելեց Պաքալորէայի Պետական Քննութեան Ներկայացող Աշակերտներուն

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?