Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կը Խոստանայ Թեքնիք Օժանդակութիւն Տրամադրել Լիբանանին

June 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերու բարձրագոյն մարմինի գործադիր տնօրէն Նիքըլըս Ուեսթքոթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ե. Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:

Հանդիպումին ընթացքին Ուեսթքոթ շնորհաւորեց Մաշնուքը ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու առումով` հաստատելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է թեքնիք օժանդակութիւն տրամադրել Լիբանանին` երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու ջանքերը:

Անոնք բարձր գնահատեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճիգերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերուն գործակցութիւնը` իրականացնելու համար ընտրական նոր օրէնքը:

Մաշնուք յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ սկսած է աշխատանքի, երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով: Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք թեքնիք օժանդակութիւն խնդրեց Եւրոպական Միութենէն:

Քննարկուեցան նաեւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական շրջագիծին մէջ լիբանանեան-եւրոպական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Մաշնուք հաստատեց, որ եւրոպական օժանդակութիւնները պէտք է հաւասարապէս բաժնուին ե՛ւ սուրիացի գաղթականներուն, ե՛ւ զանոնք հիւրընկալող լիբանանեան շրջաններուն:

Նախորդը

Իպրահիմ. «Այն Հելուէ Մուտքը Գրեթէ Անկարելի Է»

Յաջորդը

Պըրրի. «Ընտրական Նոր Օրէնքը Լաւագոյն Տարբերակն Է, Որուն Կարելի Էր Յանգիլ»

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.