Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ծանօթացման բնոյթ ունեցող հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանցիներուն եւ հայ ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող հեզասահ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: