Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը:
Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը: Քննարկուեցան ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հոկտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:
Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Շամիսի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործակատար Սուլթան Սապիյի իրենց կարգին այցելեցին Պըրրիի, որուն ներկայացուցին Քաթարի շրջափակման որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւններ: