Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ. «Վարկանշային Քուէն Գաւառներու Մէջ Սահմանափակելը Կը Նշանակէ Համամասնական Ընտրական Օրէնքը Այլանդակել»

Յունիս 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին նկատմամբ իրենց դիտողութիւնները կատարեալ առարկայականութեամբ պիտի ներկայացնեն` աւելցնելով, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ընդունուած սկզբունք է, եթէ ան լաւ կերպով գործադրուի` առանց այլանդակումի:

«Բայց եւ այնպէս համամասնական ընտրական օրէնքը այլանդակուած է, որովհետեւ վարկանշային քուէն գաւառներուն մէջ սահմանափակուած է», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ կարգ մը շրջաններու մէջ գաւառները մէկ ընտրաշրջանի վերածուած են, իսկ այլ շրջաններու մէջ մերժուած է նոյն սկզբունքը կիրարկել:

Պատասխանելով իր արծարծած հարցումին` Ժեմայէլ ըսաւ. «Պարզ է. գոհացնելու համար կարգ մը քաղաքական ուժեր` անոնց երեսփոխաններ ապահովելով»:

Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը ընտրական օրէնքին մէջ նկատի չունենալու քայլը` հաստատելով, որ ընտրական նոր օրէնքը ընդհանրապէս բարեփոխումներ չ՛ընդգրկեր:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին հիմնական կէտերուն շուրջ իրենք լուրջ հարցեր ունին` աւելցնելով, որ ի նպաստ օրէնքի վաւերացումին քուէարկելու որոշումը տակաւին չէ տրուած:

Նախորդը

Համատէ Այցելեց Պաքալորէայի Պետական Քննութեան Ներկայացող Աշակերտներուն

Յաջորդը

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?