Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Նախագահը Շարունակեց Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

June 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ շարունակեց իր հանդիպումները:

Կիպրոսի նախագահը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին:

Ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի եւ Պէյրութի զինուորական պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ֆուատ Հատի:

Ապա ան ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Քննարկումի նիւթ դարձան Կիպրոսի եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ունեցած նաւթն ու Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւնները լիբանանեան ջուրերուն մէջ եղող այդ բնական հարստութեան դէմ:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի նշեց, որ լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եղած են` աւելցնելով, որ քննարկած են նաւթի թղթածրարն ու Լիբանանի յատուկ տնտեսական շրջանը եւ բնական այդ հարստութենէն օգտուիլ փորձող Իսրայէլի ախորժակները, թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ՛ Կիպրոսէն:

Պըրրի մաղթեց, որ Լիբանան ու Կիպրոս միասնաբար գործեն եւ իրենց յարաբերութիւնները փոխադարձ շահերէ աւելի վեր դասեն:

Իր կարգին, Անասթասիատես շեշտեց, որ Կիպրոս որոշած է եւ կ՛աշխատի Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Տար Ֆաթուայի Մէջ

Անասթասիատես այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի:

Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Անասթասիատես միւֆթիին հետ քննարկեց լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Եազիժիի Մօտ

Անասթասիատես երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին հետ:

Հարիրիի Հետ

Իսկ ուշ գիշերին Կիպրոսի նախագահը այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարներ Նուհատ Մաշնուք եւ Ղաթթաս Խուրի:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ կիպրական յարաբերութիւնները:

Երկու կողմերը ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Անասթասիատես դարձաւ վարչապետին ընթրիքի հիւրը:

Նախորդը

Ա. Կիտանեան Լաքոթրիփիսի Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.