Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնքին Մասին Կեցուածքներ

Յունիս 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումէն եւ այդ օրէնքի պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակութենէն ետք, այդ օրէնքին մասին քաղաքական անձնաւորութիւններ կը շարունակեն կեցուածքներ արտայայտել:

Կ՛անդրադառնանք շաբաթավերջին արտայայտուած այդ տեսակէտներուն:

Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ պետական պաշտօնաթերթով հրատարակուած ընտրական նոր օրէնքը պէտք էր հրատարակուէր բացատրողական ուղեցոյցով կամ քաղաքական վերլուծումով: «Ամբողջ ամրան կարիքը պիտի ունենանք հասկնալու եւ սորվելու համար ընտրական նոր օրէնքը», գրեց ան:

Ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ իրենք Աստուծոյ փառք կու տան ընտրական նոր օրէնքին վաւերացուելուն առիթով, նոյնիսկ եթէ այդ օրէնքին առնչութեամբ վերապահութիւններ ունին: Ֆարաոն նշեց, որ ընտրական օրէնքը նուաճում է:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան յոյս յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ ըլլայ փոխանցման շրջան մը:

Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը ապագայ կը խոստանայ եւ Լիբանանը պաշտպանելու իմաստով լիբանանցիներուն նոր յոյս կը ներշնչէ:

Երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած ընտրական նոր օրէնքը կը նմանի Ուղղափառ հանդիպումին առաջարկած ընտրական օրէնքին եւ կիսահամամասնական է:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը Լիբանանը փրկած է վարչակարգի տագնապէն եւ խորհրդարանի թափուր դրութենէն:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց, որ ընտրական նոր օրէնքը հասկնալու համար երկար ժամանակի կարիքը կայ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ համամասնական ընտրական նոր օրէնքը բազմաթիւ դրական կէտեր ունի, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը այդ օրէնքով ներկայացուած պիտի ըլլան:

Կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը ամէնէն լաւ օրէնքն էր, որ կարելի էր վաւերացնել` շեշտելով, որ ժամանակի ընթացքին ամէն բան պէտք է  բարելաւուի:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց Լիբանանն ու լիբանանցիները ընտրական նոր օրէնքին վաւերացումին առիթով` շեշտելով, որ այդ օրէնքին վաւերացումը Լիբանանը փրկած է քաղաքական վտանգաւոր տագնապէ:

Նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին պարփակած վարկանշային քուէն պէտք էր ազատ ըլլար համայնքային բնոյթէն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ընտրական օրէնքի վաւերացումը երկրորդ մեծագոյն նուաճումն է: Ապի Ռամիա իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Ժիպէյլի շրջանին մէջ` հաստատելով, որ Լիբանան շրջանին տագնապներէն պիտի չազդուի:

Նախկին նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը կարիքը ունի բազմաթիւ բարեփոխումներու:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի հասցէին իրենց տեղացուցած քննադատութիւններուն նպատակը եղած է ընտրական օրէնքին բարելաւումը եւ ոչ թէ անոր մերժումը:

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը համամասնական դրութեան կարգը ապահոված է լիբանանեան վարչակարգին եւ զայն փրկած է քայքայումի վտանգէն:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը Լիբանանի ապագան կը վտանգէ եւ համայնքայնութիւնը կ՛ամրապնդէ:

Երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի թէ՛ թեկնածուներով եւ թէ՛ քուէարկութեամբ, հակառակ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ կուսակցութեան վերապահութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Կը Սպասենք, Որ Լիբանանեան Իշխանութիւնները Լուծում Մը Գտնեն Տնտեսական Տագնապին»

Յաջորդը

Սարրաֆ. «Խորհրդարանին Դիմաց Տեղի Ունեցած Դէպքերուն Մասին Կը Խոստանամ Մանրակրկիտ Հետաքննութիւն Կատարել Եւ Արդիւնքները Յայտարարել»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?