Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարները հրաւիրեց խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքները աշխուժացնելու կարելիութիւնները, Թաէֆի համաձայնագիրին չգործադրուած կէտերը, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, հանրապետութեան նախագահին պատկերացումը` տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու իմաստով, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի եւ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացման հեռանկարները:
Այս նպատակով նախագահական պալատ հրաւիրուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ խոստացաւ անձամբ ներկայ ըլլալ` վերջ տալով Պաապտայի եւ նախագահ Աունի հետ իր գժտութեան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ալի Քանսօ: