Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Սայտայի Սիրտը Լայն Է Եւ Անիկա Ժեզզինի Հետ Մէկ Ընտրաշրջանի Վերածուած Է»

June 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Մաժտալիունի մէջ սարքուած իֆթարի մը, ուր շեշտեց, որ Սայտան իր այցելած վերջին շրջանն է` իֆթարներու ներկայ գտնուելու շրջագիծին մէջ:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի քայլն էր քաղաքացիական ծրագիրը սկսիլ Սայտայէն` վերջ տալու համար պատերազմին եւ սկսելու համար վերակառուցման:

Հարիրի շեշտեց, որ շնորհիւ երեսփոխաններ Պահիա Հարիրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի, ինչպէս նաեւ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի, Սայտա վերածուած է աղբերու մշակման օրինակելի քաղաքին, մինչդեռ լիբանանեան տարբեր քաղաքներ տակաւին աղբի տագնապէն կը տառապին:

Հարիրի նշեց, որ Սայտայի ծրագիրները շատ են` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի դարպասը նկատուող Սայտայի եւ հարաւի մէջ բարգաւաճման բազմաթիւ ծրագիրներ պիտի իրագործուին:

«Սայտայի սիրտը լայն է եւ անիկա Ժեզզինի հետ մէկ ընտրաշրջանի վերածուած է, իսկ մենք այդ սկզբունքով դաստիարակուած ենք: Հետեւաբար կ՛ողջունենք բոլոր գիւղաքաղաքները եւ կ՛ըսենք ժողովուրդին, թէ իրենց հոգերն ու ցաւերը նաեւ մեր հոգերն ու ցաւերն են», եզրափակեց ան` խոստանալով բարելաւել տնտեսական կացութիւնն ու աշխատանքի առիթներ ստեղծել երիտասարդութեան:

 

 

Նախորդը

Սարրաֆ. «Խորհրդարանին Դիմաց Տեղի Ունեցած Դէպքերուն Մասին Կը Խոստանամ Մանրակրկիտ Հետաքննութիւն Կատարել Եւ Արդիւնքները Յայտարարել»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Մաս Կազմող Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարները Հրաւիրեց Խորհրդակցական Հանդիպումի

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.