Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուցինք Միասնաբար, Բոլորին Մասնակցութեամբ»

Յունիս 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Պիել»-ի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի իսլամական Մաքասետ բարեսիրական միութեան կազմակերպած իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, ինչպէս նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ շարք մը անձնաւորութիւններ:

Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հարիրի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ եւ միասնաբար վաւերացուած է: «Ինքզինքս միակ աշխատողը յորջորջելու յաւակնութիւնը չունիմ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքը վաւերացնելու առումով իրենք լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են, սակայն կրցած են արդիւնքի յանգիլ բոլորին դրական վարուելակերպին շնորհիւ:

Հարիրի ընդգծեց, որ ներկայիս իրեն համար կարեւորագոյնը երկրին տնտեսութիւնն է, լիբանանցիին ապրուստն ու աշխատանքի առիթներու ստեղծումը:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Հարիրի երէկ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը 2012-էն ի վեր պէտք էր վաւերացուէր` աւելցնելով, որ ինք օրին խորհրդարանին յղած էր շրջաբերական մը` առաջարկելով ընտրական օրէնքը համամասնական դրութեամբ կատարել:

«Հակառակ անոր որ այս օրէնքը ընտրական նախորդ օրէնքէն շատ աւելի լաւ է, սակայն կարգ մը բացթողումներ կ՛ընդգրկէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ բացթողումները յանձնած է վարչապետին ուշադրութեան:

Սլէյման նշեց, որ իրեն համար ընտրական օրէնքին հիմնական բացթողումներն են կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի անտեսումը, զինուորականները եւ 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդները քուէարկութեան իրաւունքէ զրկելը, ինչպէս նաեւ վարկանշային քուէն հաշուելու եղանակը:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հարիրիի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին` ընկերակցութեամբ Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի:

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Նետիմ Ժեմայէլի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ոճրագործները Պիտի Ենթարկուին Երկրին Իշխանութիւններուն Պարտադրած Խստագոյն Պատիժներուն»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?